Հակառակ Սպանիոյ Սահմանադրական Դատարանի Արգելքին. Քաթալոնիա Խորհրդանշական Հանրաքուէ Պիտի Կատարէ
«Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգին մէջ խորհրդանշական հանրաքուէ տեղի պիտի ունենայ, հակառակ սպանական դատարանի երեքշաբթի օր հրապարակած արգելքին:
Ըստ աղբիւրին, Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները պիտի արհամարհեն Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանի վճիռը, որով հանրաքուէ կատարելու կարելիութիւնը կ՛արգելակուէր:
Խորհրդանշական հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ կամաւոր մասնակցութեամբ եւ արդիւնքները պարտադիր ուժ պիտի չունենան:
Ըստ վերջին հարցախոյզներուն, Սպանիոյ հարուստ այս շրջանին մէջ Մատրիտէն բաժնուիլ կը փափաքի բնակչութեան շուրջ կէսը:
Հանրաքուէի թուական ճշդուած էր 9 նոյեմբերը:
CATEGORIES Միջազգային

