ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վերադարձաւ Լիբանան:
Կը նախատեսուի, որ Ժոմպլաթ վաղը Պեքաա այցելէ եւ Ռաշայայի մէջ կարեւոր խօսք մը արտասանէ:
ՍԷՅԻՏ Մոհամետ Ֆատլալլայի անուան հոգեւոր հիմնարկին համաձայն, յառաջիկայ 1 օգոստոսը կը զուգադիպի Ռամատանի առաջին օրուան:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալուկերոփուլոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան – թրքական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ սեփական մարզին հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ խորհրդարանական փոքրամասնութեան տկարութիւնն ու ձախողութիւնը զայն կը մղեն քաղաքական առումով մագլցումներ կատարելու եւ մերժելու երկխօսութեան սկզբունքները:
ԼԻԲԱՆԱՆ գտնուող իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց հարաւային Լիբանան` ընկերակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզիի, որ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Ով որ չի կրնար իր երկրին սահմանները պաշտպանել, չի կրնար նաեւ իր մայրաքաղաքը պաշտպանել»:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ներքին լիբանանեան հանդարտ եւ շինիչ երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական իշխանութիւնները որոշած են Լիբանանի յատկացնելիք իրենց հրթիռներուն համաձայնութիւնը սառեցնել:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց նախարարութեան պիւտճէի յաւելման կարեւորութիւնը:
ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ պատասխանատուներէն ամերիկացի զինուորական մը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ ոչ մէկ որոշում տուած են` լիբանանեան զինեալ ուժերուն նկատմամբ իրենց օժանդակութիւնները կասեցնելու:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ուսումնասիրական կեդրոնին համաձայն, լիբանանցիներուն 60 առ հարիւրը երկրին յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ վստահութիւն չունի:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայնած են Մալեք Արսլանը նշանակել հարաւային Լիբանանի նահանգապետ: