«ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ 10 ՕՐԷՆ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՇԱՐՊԵԼ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ հաստատեց, որ երկրին ապահովական կառոյցներու նշանակումները պիտի կատարուին 10 օրէն` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մաս չի կազմեր այդ նշանակումներուն:
Շարպել յայտնեց, որ այդ նշանակումներուն պարագային նկատի առնուելիք հիմնական չափանիշներն են ատակութիւնն ու խնդրոյ առարկայ անձին կարողութիւնները:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարը ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան տարբեր վարչութիւններուն վերաբերող երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակելու հեռանկարները:
Ներքին գործոց նախարարին այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայը եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը: