Ռուբէն Պարսումեանի Մահուան Տարելից Յակոբ Պարսումեանի Անհետացման 28-Ամեակ. Սրտի Խօսք` Յակոբ Եւ Ռուբէն Պարսումեաններու Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յակոբ Պարսումեան իր աշխատանքի սեղանին առջեւ

Յակոբ Պարսումեան իր աշխատանքի սեղանին առջեւ

Հալէպի Քարէն Եբբէ Ազգային Ճեմարանի սաներու արժանաւորներէն էին Յակոբ եւ Ռուբէն: Սերունդի մը տիպարներ, որոնք պայքարով տիրացան բարձրագոյն ուսման եւ մնացին հայութեան եւ անոր մշակոյթի բեմին վրայ: Ճեմարանի հիմնադիր մեծերը` Զարեհ եպս. Փայասլեան, հետագային` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արտակարգ ճառագայթումով կաթողիկոս (charismatique), Հրաչ Փափազեան` նոյնքան արտակարգ հեղինակութեամբ ազգային քաղաքական դէմք, մեծ յոյսեր դրած էին գալիք սերունդներուն վրայ, որոնք աւելի քան վեց տասնամեակէ ի վեր կը մնան այդ յոյսերուն կրողները, հիմնադիրներու ներկայութիւնը եւ ներդրումը կը շարունակուին մինչեւ այսօր` հակառակ կրկնուող աննպաստ պայմաններու:

Յակոբ Պարսումեան վարչագիտութիւն ուսանելէ ետք, անբաւարարութիւն զգաց եւ հետեւեցաւ պատմագիտութեան, մեր ժողովուրդի ճակատագրին առնչուող օսմանագիտութեան: Ամերիկեան բարօրութիւնը չբաւարարեց զինք, վերադարձաւ հայկական համայնքի ծոցը, Լիբանան, եղաւ դասախօս Հայկազեան համալսարանի` հակառակ երկիրը հրդեհող քաղաքացիական պատերազմին, եւ օր մըն ալ իր գաղափարի ընկերները ինկան անարգ կրակոցներու տարափին տակ եւ ինք առեւանգուեցաւ անվերադարձ: Հազա՜ր ափսոս, ո՛չ միայն իրեն, ո՛չ միայն ընտանիքին, այլ այն ժողովուրդին, զոր կը սիրէր, որուն այնքան տալիք ունէր: Իր Պէյրութ վերադարձէն առաջ, երկու առիթներով Փարիզ միասին եղանք: Իրեն այն ատեն ըսի, որ Արեւելքը իրեն համար չէր, նախկինը չէր: Բայց գնաց իր սէրերուն ետեւէն: Յակոբին ուշագրաւ ուսումնասիրութիւնը հայ ամիրաներու մասին օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու պատմութիւնը հասկնալու համար կարեւոր աղբիւր է:

Ռուբէն Պարսումեան Լեռ Կամսարի նուիրուած ձեռնարկին  (Մոնրէալ)

Ռուբէն Պարսումեան Լեռ Կամսարի նուիրուած ձեռնարկին (Մոնրէալ)

Ռուբէն Պարսումեան արտակարգ ուշիմութեամբ օժտուած էր: Ճեմարանը աւարտելէ ետք եղաւ ուսուցիչ, ընկերոջ մը հետ ուզեց հետեւիլ հայագիտութեան: Աւելի ուշ պիտի գիտնար, որ այդ նպատակին համար յատկացումը  եկած էր, բայց եսասիրական այլ նպատակի յատկացուած էր, հանգամանքի չարաշահումով: Ռուբէն երբեք պիտի չմոռնար այդ վատութիւնը: Ռուբէն եկաւ Հայկազեան քոլեճ` մնալով միշտ փայլուն ուսանող: Ապա` ամերիկեան համալսարան, ուր իր ուսանողական բացառիկ արդիւնքներուն  համար իրեն շնորհուեցաւ Ռաքֆելլըր կրթաթոշակը, որ իրեն առիթ կու տար ապահով պայմաններու մէջ ուսանելու:

Քանատա եւ Միացեալ Նահանգներ, Ռուբէն Պարսումեան, հակառակ կեանքի վերիվայրումներու, մնաց իր ժողովուրդին հետ, հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը մաս կը կազմէին իր ամէնօրեայ մտահոգութիւններուն, իր համեստ բնակարանը տունն էր հայ մտաւորականներուն, անոնք հոն կու գային հարազատի պէս` Կարապետ Փոլատեան, Յակոբ Կարապենց, Պօղոս Սնապեան եւ ուրիշներ: Մտերիմն էր նոյն քաղաքը բնակող գրողներու, ինչպէս` Ժիրայր Աթթարեանի եւ Արիս Սեւակի, որոնց մահով ինքզինք քիչ մը աւելի որբացած զգաց, ինք որ այդպէս եղած էր իր մանկութենէն: Ռուբէն հարուստ չէր, բայց հարուստի հոգի ունէր: Այս քանի մը բառերը ճառ չեն, իր անձին վաւերականութիւնն են:

Ռուբէն, հակառակ մոռացման դատապարտող տասնամեակներուն, չհաշտուեցաւ իր եղբօր` Յակոբի կորուստին հետ: Ճամբորդեց, տեսակցութիւններ ունեցաւ վերադարձնելու համար Յակոբը: Վերջին տարիներուն, երբ համոզուած էր այլեւս, որ ան պիտի չվերադառնար, կը ցանկար անոր աճիւնները գտնել եւ ամփոփել դամբարանի մը մէջ: Այդ ալ անկարելի եղաւ, եւ եղաւ իր սրտի ցաւը, այդ մասին կը խօսէր ամէն առիթով: Քաղաքացիական կռիւները եւ մարդոց վատութիւնը խափանեցին իր եղբայրական ազնիւ ցանկութեան իրագործումը: Կը ցանկար, որ տեղ մը արձանագրուէր Յակոբին անունը, յուշաքարի մը վրայ:

Բացի Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մեր հանդիպումներէն, Ռուբէնի հետ գտնուեցանք Հայաստան, ուր կը գումարուէր Գրողներու միութեան ժողովը: Հոն էր նաեւ իրեն սրտակից Պետրոս Հաճեանը: Ինչպէս ըսի, Ռուբէն հայերէնի հարազատութեան կիրքը ունէր, իրեն համար անընդունելի էր արդի կոչուած ուղղագրութիւնը, միաժամանակ` արեւելահայերէնի ներխուժումը օտար բառերով: Երգահանդէսի մը հրաւիրուեցանք Երեւանի համալիր: Երբ սրահ պիտի մտնէինք, Ռուբէն մուտքի մը վրայ կարդաց «պարտեր»: Մանկական միամտութեամբ հարցուց, թէ ի՞նչ կը նշանակէր «պարտեր»: Ըսի, որ գիտէր: Պատասխանեց, որ չէր գիտեր: Կրկին եւ կրկին հարցուց, նոյնը պատասխանեցի: Վերջապէս ըսի, որ այդ «պարտեր»-ը իր գիտցած ֆրանսերէն parterre-ն էր: Պոռթկաց: Համագումարի պիտի մասնակցէինք, մեր վիզէն կախուելիք մեր անունները գրուած էին «արդի» ուղղագրութեամբ: Ես պահանջեցի, որ իմ անունս գրուի այնպէս, ինչպէս ես կը գրեմ: Ինք ալ պահանջեց: Յաջորդ օր իմ անունը սրբագրած էին, իր անունը մնացած էր անփոփոխ: Միշտ չէր պատահեր, բայց կրկին պոռթկաց:

Կեանքի բնական պայմաններու մէջ Ռուբէն այլապէս եւ աւելի արդիւնաւոր կերպով կրնար  ծառայել իր ժողովուրդին: Ափսո՛ս, որ արգելակումներ եղան մեր հասարակական կեանքի տգեղութիւններուն պատճառով, որոնց մասին աւելի լաւ է չխօսիլ` չտխրելու համար:

Վերջին տարիներուն Ռուբէն կ’ուզէր երկար ժամանակով Հայաստան մնալ: Խոստացած էր, որ եթէ բնակարան ունենայինք, պիտի գար եւ պիտի մնար: Հիմա տունը կայ, բայց ինք չկայ:

Յակոբին եւ Ռուբէնին քոյրը, Յակոբին այրին եւ դուստրը կ’ապրին ցաւը կորուստի եւ կը պահեն յիշատակը երկու եղբայրներու: Բայց երկուքին մտերմութեամբ հարստացած ընկերներ ալ կան, որոնք կը շարունակեն համակուած մնալ յիշատակներով եւ տխրութեամբ:

Կորուստներուն համար միայն կարելի է ըսել` ափսո՜ս:

Յաճախ կը մտաբերեմ ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթի այն միտքը, ըստ որուն,  անմահութիւնը ապրողներու յիշողութեան մէջ տեւել է: Եւ այդ տեւելը խօսք պէտք չէ ըլլայ, այլ` ընթանալ բաժնուողներու սէրերու ճանապարհով:

Յակոբին եւ Ռուբէնին չժանգոտող ժառանգութիւնը… ապրողներուս` այդ սէրերն են, որոնք կը վկայեն շարունակութեան մասին:

 

նոյեմբեր 2014   

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )