Ինչպէ՞ս Պէտք Է Դաստիարակել ՀՅԴ Պատանին

50-badanegan-mioutioun1Կ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երբ անվիճելի իրողութիւն է, որ երիտասարդութիւնը ներկան է ու ապագան` ազգութեանց համար, առարկելի չի կրնար ըլլալ նաեւ, որ պատանիները ներկայացնեն նոյն պարագան կուսակցութեանց կեանքին մէջ: Մեկնելով այս հիմնական հասկացողութենէն` մեզի համար կարեւորագոյն հարց կը դառնայ պատանիներու դաստիարակութիւնը:

Արդարեւ, պէտք է մշակել ընկերային ներկայ պայմաններուն համապատասխան ծրագիր, որպէսզի հայ քաղաքական կեանքին մէջ գործօն դեր ստանձնելու թեկնածուներուն ձգտումներն ու փափաքները յանգին դրական եւ գոհացուցիչ արդիւնքներու: Պատանիներու համար այս ըմբռնումով կրթական ծրագիր մը նախատեսելէ կամ առաջադրելէ առաջ, կարեւորութեամբ պիտի ընդգծենք հետեւեալ նախապայմանները` մասամբ պատասխանած ըլլալու համար ներկայ խորհրդածութեանց խորագրի հարցումին:

– Պէտք է ենթակային մէջ առաւելագոյն համեմատութեամբ զարգացնել գործակցութեան ոգին: Մեծ ընկերութեան մը մէջ մտնելու եւ անոր բազմաթիւ անդամներուն հետ գործելու սկզբունքն է, զոր ընդունելով` ենթական թեկնածութիւնը կը դնէ: Ուրեմն խիստ անհրաժեշտ է, որ անիկա մշակուի գործակցելու պատրաստակամ առաքինութեամբ: Այդ առթիւ օգտակար է եւ քաջալերելու է մարզական, թատերական, երաժշտական, մշակութային խումբերու մասնակցութիւնը, ուր առաջին փորձառութիւնները պիտի անցընէ համեմատաբար փոքրաթիւ անդամներով ընկերութեանց մէջ:

– Անհրաժեշտ է զարգացնել անձնական կարծիք եւ տեսակէտ ունենալու նկարագիրը: Զայն կրթելու է հակասական տեսակէտներու հանդէպ հանդուրժողութեամբ ինչպէս նաեւ` ներդաշնակելու պայմանով ընկերութեան մեծամասնութեան տրամադրութեանց եւ ուղղութեան հետ, քանի հաւատացող մըն է անոր ուղիղ բնազդին եւ ողջմտութեան:

– Պէտք է մշակել նախաձեռնութեան եւ ինքնավստահութեան զգացումները, որպէսզի ենթական ատով արդարացնէ կազմակերպութեան մը իր անդամակցութիւնը:

Պէտք է մշակել յարատեւ ջանքերով, երկարատեւ աշխատելու, զոհաբերելու եւ զոհելու զգացումները, որոնց մէջ յատկապէս պիտի գտնէ իր զանազան բաւարարութիւններն ու կազմակերպութեան միջոցով ազգին օգտակար դառնալ ու իր բնազդին իրագործումը: Այսպէս, պատանին կրաւորական անհատի, դիտողի ու ընդհանրապէս վերապահ անձի մը խառնուածքին վճռապէս հակադրուած` պէտք է դառնայ եռանդ, աշխուժութիւն, խանդավառութիւն, կեանք:

– Անհրաժեշտութիւն է լուրջ հետաքրքրութիւն` յեղափոխական գրականութեան հանդէպ: Հետեւաբար քաջալերելու է եւ հսկելու, որ թեկնածուներ, Զարթօնքի շրջանէն սկսեալ, անպայման կարդան յեղափոխական գրականութիւնը, յուշեր, վէպեր, որոնք ջերմ հայրենասիրութեան, զոհաբերութեան գերագոյն չափանիշներու դասերով եւ օրինակներով պիտի առինքնեն զանոնք:

– Պէտք է քաջալերել լայն հետաքրքրութիւն ցոյց տալը դէպի մամուլը ընդհանրապէս եւ հայ մամուլը` մասնաւորապէս: Արդի պատանին պէտք է գաղափար ունենայ եւ հետաքրքիր ըլլայ քաղաքական իրադարձութեանց զանազան հոլովոյթներու մասին, ճանչնայ միջազգային դէպքեր` հետզհետէ փնտռելով անոնց մէջ միտք բանին կամ ժողովուրդներու ու կառավարութեանց նպատակները:

– Վերջապէս ներշնչել անշահախնդիր հայրենասիրութիւն յարգանքի ու գուրգուրանքի անկեղծ զգացումներով առլցուն դէպի տոհմային աւանդութիւնները, տօները ժառանգութիւնները եւ ազգային արժէքները:

Արդ, ինչ կը վերաբերի պատանիներուն ուսումնական կամ ընդհանուր զարգացման համար ծրագրի մը գործադրութեան, ատիկա պէտք է նկատել կարելի եւ անհրաժեշտ: Եւ նկատի առած գոյութիւն ունեցող այլեւայլ փորձառութիւններ եւ դրութիւններ` գործնական կը նկատենք հետեւեալը.

Կազմակերպել լսարանային, գուցէ գիշերային դպրոցի ձեւով, դասընթացք` երեք անջատ տարեշրջաններով եւ անհրաժեշտ ըստ մեզի հետեւեալ նիւթերով.

ա. Հայաստանի աշխարհագրութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն:

բ. Հայոց պատմութիւն, կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագրի սերտողութիւն:

գ. Հայ կուսակցութիւններու պատմութիւն, Ազգային սահմանադրութեան սերտողութիւն:

Յիշեալ նիւթերը, որոնք կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ յապաւումներով կամ յաւելումներով, պէտք է բաժնել երեք տարեշրջաններու: Որով, յաջորդական տարիներու ընթացքին, նորեկներ եւ հիներ պիտի կարենան միատեղ հետեւիլ տարուան նոյն դասանիւթերուն: Այսպէս, կարեւորը թեկնածուներու նիւթերու ծանօթանալը պիտի ըլլայ` առանց կարեւորութիւն տալու անոնց դասական շարքին: Օրինակ, Հայաստանի աշխարհագրութեան նիւթը, մէկը կրնայ առնել իր առաջին տարին, ուրիշ մը` երկրորդ, իսկ այլ մէկը` իր երրորդ տարին: Հետեւաբար իւրաքանչիւր նիւթ պիտի դասախօսուի երեք տարին անգամ մը` ամբողջ շրջանի մը տեւողութեան:

Ներկայ գրութեամբ, ջանացինք պատանիները ինչպէ՞ս դաստիարակելու մասին խորհրդածութիւններ եւ սկզբունքային առաջադրութիւններ միայն կատարել: Կասկած չկայ սակայն, որ մասնաւոր ուսումնասիրութեան եւ լուրջ աշխատասիրութեան նիւթ է պատրաստութիւնը այդ բոլորին, որոնք պէտք է առանձինն քննարկել, եւ որոնք արժանի են կարեւորութեամբ նկատի առնուելու:

Մեր համոզումն է, որ պատանի մը ընկերային կեանքին մէջ թրծուելով մէկտեղ փափաքելի յիշեալ նկարագրի եւ խառնուածքի գիծերով, պէտք է մշակուի լսարանային յիշեալ նիւթերով եւ ազգային դաստիարակութեան ու ընդհանուր զարգացման նպաստող ծանօթութիւններով, որով արժանի դառնայ մտնելու ՀՅԴ մեծ ընտանիքին մէջ` անոր միջոցով ծառայելու իր հայրենիքին ու ժողովուրդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES