Խտացնե՛նք Պատանեկան Շարքերը

50-badanegan-mioutioun1Վ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Անհատի մը կազմաւորման ամէնէն կարեւոր շրջանը անկասկած երիտասարդութիւնն է: Մանկութենէն նոր դուրս եկած պատանին, երիտասարդութեան տարիքը թեւակոխելէ առաջ, կ՛անցընէ չորս-հինգ տարիներու շրջան մը, որ ճակատագրական կնիքով կը դրոշմէ անոր կեանքին ընթացքը:

Այդ շրջանին պատանին կը կազմաւորուի ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս: Կը շեշտաւորուին անոր հակումները, ձգտումները, նախասիրութիւնները. ձեւ կ՛առնեն անոր գաղափարները, կը գծուի անոր իտէալը: Այս զգայուն ժամանակաշրջանին պէտք է ամէնէն աւելի հոգ տանիլ պատանիի դաստիարակութեան, հսկել անոր զբաղումներուն, ուղղել թերիները, կերտել անոր նկարագիրը, ուղիղ ճամբու վրայ դնել անոր քայլերը:

Պատանեկութիւնը պատրաստութեան շրջանն է: Երիտասարդութիւնը` գործի, արդիւնաբերութեան: Լաւ արդիւնք ունենալու համար պէտք է լաւ պատրաստել:

Իրենց ապագայով մտահոգ պետութիւններ իրենց վաղուան քաղաքացիները կը պատրաստեն պատանիներէն եւ ոչ թէ երիտասարդներէն, որոնց արդէն իսկ ձեւաւորուած անհատականութիւնները կարելի չէ այլեւս ուղղել:

Զանազան կազմակերպութիւններու մէջ պատանին առողջ կերպով կը զարգացնէ իր միտքը, մարմինը եւ հոգին: Կը թրծուի, կը դաստիարակուի դառնալու համար իր կոչումին եւ իր պարտականութիւններուն լրիւ գիտակցութիւնն ունեցող քաղաքացի: Նաեւ կարող` պատասխանատուութիւններ վերցնելու, ղեկավար դիրքեր գրաւելու: Կարգ մը երկիրներու մէջ տարուան մէկ օրը պետական վարչական մեքենան կը յանձնուի պատանիներուն:

Տարբեր է սակայն պարագան մեզի` հայերուս համար: Բազմատեսակ են մեր մտահոգութիւնները, մանաւանդ` արտասահմանի մէջ: Մեր առաջնահերթ նպատակը հայ երեխան հայ պահելն է: Ասիկա մեզի համար ազգային գերիվեր պարտականութիւն է:

Ձուլումի վտանգը, համաձայն տեղական պայմաններու, առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ կը ներկայանայ մեզի: Եւ համաձայն այդ ուժգնութեան, պէտք է կազմակերպուիլ` դիմագրաւելու համար այդ վտանգը: Տասնեակ միլիոններ հաշուող ժողովուրդ մը չենք, պէտք է որ գուրգուրանք համրանքին վրայ:

Ո՞ր հայ ծնողը պիտի չուզէր իր զաւակը մեծցնել: Եւ հայ մեծցնելէ ետք զայն տեսնել հայ ազգին ծառայութեան մէջ:

Անշուշտ անփոխարինելի են մեր վարժարանները: Այս դարուս կարելի չէ երեւակայել մէկը, որ նուազագոյնը նախակրթարան մը աւարտած չըլլայ: Ու եթէ երեխան փոքր տարիքէն, առանց հայ վարժարան տեսնելու, կ՛երթայ օտար դպրոց, անպայման կը հեռանայ հայ կեանքէն, նոյնիսկ կրնայ հեռանալ մինչեւ կորուստ: Օտար բարձրագոյն վարժարան կամ համալսարան յաճախելէ առաջ ալ եթէ պատանին աշակերտած է հայ դպրոցի մը, սորված մեր լեզուն եւ պատմութիւնը կրնայ մնալ հայ, սակայն որքանո՞վ կրնայ օգտակար ըլլալ մեր ազգին, եթէ չէ ապրած անոր մտահոգութիւնները, ապրումները, ցաւերը եւ ուրախութիւնները: Բաւարար չեն ուսումն ու զարգացումը` ծառայելու համար ժողովուրդին: Անոնց կողքին անհրաժեշտ է ունենալ նաեւ հանրային գիծ, հանրային գործերու նուիրուելու պատրաստակամութիւն:

Երբ այս հարցերը հրամայական կերպով կը ներկայանան մեզի, այն ատեն կը զգանք անհրաժեշտութիւնը պատանեկան միութիւններուն: Անոնք ազգային վարժարաններու կողքին դպրոցներ են, ուր պատանիները կը պատրաստուին ծառայելու ազգին:

Ամէնէն առաջ անոնք կը ստանան քաղաքացիական կրթութիւն` դառնալով նուիրապետութեան մը մէկ օղակը: Կը վարժուին ժողովական կեանքի, կ՛ենթարկուին կարգապահութեան, կը սորվին հրահանգներ գործադրել, որպէսզի ապագային իրենց կարգին գիտնան հրամայել: Հո՛ն կը զարգացնեն համագործակցութեան, ընկերասիրութեան եւ զոհողութեան ոգին` դառնալով սպասարկուները նոյն իտէալին:

Ու այս բոլորի կողքին, անոնք կը զինուին հայեցի դաստիարակութեամբ` առաւելագոյն չափով կարենալ ծառայելու համար իրենց պատկանած ժողովուրդին: Կը սորվին ճանչնալ ու սիրել հայ արժէքները, կը սորվին գուրգուրալ հայ գիրին ու մշակոյթին վրայ: Ու անոնց մատղաշ հոգիները կը բռնկին յեղափոխութեան ոգիով` մօտէն ծանօթանալով ֆետայիներու գործին եւ կեանքին:  Հայոց պատմութեան ընդմէջէն անոնք կը տեսնեն, թէ հայ ժողովուրդը որքա՜ն արիւն թափած է իր անկախութեան եւ ազատութեան համար, ու կը դառնան Հայ դատի նուիրեալ զինուորներ:

Չի բաւեր միայն նուիրեալ մը ըլլալ: Այդ նուիրումը արժեւորելու եւ գործնական արդիւնքի վերածելու համար անհրաժեշտ պատրաստութիւնը պէտք է ունենալ: Ահա՛ այդ պատրաստութիւնն է, որ կու տան պատանեկան միութիւնները:

Եւ ահա թէ ինչո՛ւ պատանին Պատանեկան միութեան շարքերուն յանձնել` կը նշանակէ իտէալ մը տալ անոր կեանքին եւ ծառայող մը զինուորագրել հայ ժողովուրդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES