Պատանեկան Միութեանց Դաստիարակութիւնը Եւ Դերը

50-badanegan-mioutioun1Հ. Յ. ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Պատանեկան միութեանց քառասունամեակին առթիւ, իբրեւ պատանիներու երբեմնի վարիչ, պարտք կը զգամ երկու տող գրել պատանիներու դերին մասին` հայ իրականութեան մէջ:

Պատանեկան միութեանց դերին մասին գրելէ առաջ անհրաժեշտ կը նկատենք խօսիլ անոնց դաստիարակութեան մասին, որովհետեւ առանց հիմնական դաստիարակութեան` կարելի չէ դեր ստանձնել հանրային եւ ազգային կեանքին մէջ:

Պատանեկան միութեանց կազմութիւնը եւ անոնց գործունէութիւնը կը սկսի Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, երբ հայութիւնը պարտադրաբար կը թողու իր պապենական տունն ու տեղը, կու գայ եւ կը հաստատուի այս գեղածիծաղ ափերուն վրայ:

Հայութիւնը ամբողջ, իր օրուան հացը ճարելէ ետք, կը սկսի կազմակերպուիլ եւ առաջին հերթին կանգնել իր եկեղեցին ու դպրոցը եւ երկրորդ` տանիլ կազմակերպական բոլոր աշխատանքները:

ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովներու եւ մարմիններու առաջին մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ պատանիներու կազմակերպումը եւ դաստիարակութիւնը:

Միշտ ալ կարելի է դաստիարակուիլ, բայց այդ պիտի ըլլար պատահական դաստիարակութիւն մը: Մինչդեռ դաստիարակութիւնը երբ կը տրուի ծրագրուած եւ դասաւորուած ձեւով, կը ծառայէ բուն նպատակին:

Յաճախ ծնողներ կը խօսինք մեր զաւակներուն պատմութեան էջերէն, Հայկի, Արամի, Վարդանի եւ Մեծն Տիգրանի մասին: Եթէ այս արութեան գործերը պատմուին պատանիին, մանկավարժական մեթոտիկ ձեւով, այդ պարագային դաստիարակութիւնը աւելի հիմնական կը դառնայ, եւ կ՛ունենանք լաւ կազմուած եւ գաղափարականօրէն թրծուած պատանեկութիւն մը:

Մեր կուսակցական շարքերը թարմացնելու եւ միշտ երիտասարդ տարրերով օժտելու համար ակնաղբիւր մը անհրաժեշտ էր, եւ այդ ակնաղբիւրը մեր պատանեկան եւ ուսանողական միութիւններն են:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ստանձնած է դաստիարակի եւ պարտիզպանի դեր:

Ուստի, երբ կը խօսինք պատանեկան միութեանց դերին մասին, զայն կը կանխէ դաստիարակութիւնը, մշակուած ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնը:

Որովհետեւ ամէն առաջնորդ նոյն կարողութիւնները եւ նոյն մեթոտը չի կրնար ունենալ, հետեւաբար ծրագրուած ձեւով նիւթերը ընտրելը եւ դաստիարակելը կը դիւրացնեն վարիչ առաջնորդին եւ կամ վարիչ դաստիարակին դերը:

ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը խտացնող երկու ակնաղբիւր կայ, ինչպէս այս գրութեան սկիզբը յիշեցինք, առաջին` ուսանող պատանին, երկրորդ` արհեստաւոր պատանին:

Ուսանող պատանին իր կրթական եւ ուսումնական կեանքի ընթացքին կը սորվի եւ կը դաստիարակուի ընդհանուր գիտելիքներով, ինչպէս` հայոց պատմութեան ընթացքին օղակող պատմական դէպքերով:

Բայց արհեստաւոր պատանին, որ երբեք ուսում չէ տեսած կամ թերի ուսում ստացած է, այս տեսակներուն համար պատանեկան շարքերը դաստիարակիչ եւ փրկարար դեր կը կատարեն:

Պատանին իր ընթացքով, վարք ու բարքով ու վերաբերմունքով օրինակելի պիտի ըլլայ բոլորին, եւ այս ընթացքը վարակիչ պէտք է դառնայ ընտանիքներու եւ ծնողներու մօտ, որոնք պիտի ուզեն իրենց զաւակը արձանագրել տալ պատանեկան շարքերէն ներս:

Ներկայիս բոլորիս միակ մտահոգութիւնը հայապահպանումն է: Ամէն աշխատանք, որ կ՛իյնայ գրական եւ գեղարուեստական անդաստանի սահմանին մէջ, կը սատարէ հայապահպանման ճիգին երկարաձգման եւ տեւականացման:

Եթէ այսօր մամուլի էջերուն վրայ աչք մը պտտցնենք, կը հանդիպինք բազմատեսակ եւ այլազան ձեռնարկներու, որոնց բոլորն ալ երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ձեռնարկներ են, եւ դերակատարները պատանիներ եւ նորեկ երիտասարդներ են:

Համոզուած ենք, որ անոնց բոլորն ալ ընթացաւարտ չեն, բայց շնորհիւ պատանեկան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն, մենք կը վայելենք անոնց աշխատանքին եւ համադրուած ճիգին պտուղները:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մենք ունեցանք հազարաւոր որբեր` թրքական եաթաղանէն ազատուած ու բերուած Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն: Դժբախտ օր մը զանոնք որբ կոչեցինք ծնողազուրկ ըլլալնուն համար: Անոնք բոլորն ալ երկու-երեք տարեկանէն մինչեւ տասնհինգ տարիքը ունեցող  պատանիներ էին: Ասոնցմէ շատեր իրենց ստացած ազգային դաստիարակութեան շնորհիւ դարձան ղեկավարներ: Անոնք բոլորն ալ ամէն ճիգ ի գործ դրին բան մը աւելի սորվելու եւ օգտակար ըլլալու իրենց շրջապատին եւ ազգին:

Մենք միշտ պիտի ունենանք պատանիներու շարք մը, որոնք պիտի գան հետզհետէ գրաւելու մեծերու, հիներու եւ անհետացողներու տեղերը:

Պատանին պէտք է ըլլայ պարկեշտ, ուղղամիտ` իր կեցուածքով եւ գործով, աշխատասէր, ծառայասէր, այլասէր, կենսուրախ, յարաբերական, ուսումնասէր, բարի նախանձով լի, կարգապահ եւ ճշդապահ եւ շատ մը ուրիշ յատկութիւններ, որ անհատ մը կը հասցնեն կատարելութեան:

Այս բոլորէն վեր` պատանին պէտք է ըլլայ եկեղեցասէր եւ հաւատքի մարդ, որովհետեւ եկեղեցին եւ կրօնը եղած են մեր ազգը պահողը եւ պահպանողը:

Պատանեկան միութեանց քառասնամեակին առիթով գրուած վերոյիշեալ հակիրճ տողերը թող առաջնորդողի դեր կատարեն եւ ծառայեն որպէս նշանաբան եւ նպատակակէտ` ի շահ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնը կը վստահի պատանեկան միութեանց վարիչներուն, ինչպէս նաեւ` ի շահ եւ ծառայութիւն հայ ժողովուրդին:

Ծառայել եւ դաստիարակել ի յարգանք եւ յիշատակ մեր բիւրաւոր նահատակներուն, հայրենիքի եւ հաւատքի սպասարկուներուն, որոնք դարերու ընթացքին իրենց կեանքը եւ արիւնը տուին անսակարկ հայ ժողովուրդի պահպանման եւ յաւիտենականութեան համար, լուսաւոր եւ պայծառ առաւօտ մը ողջունելու կենսատու արեւու ճառագայթները, որ օր մը անպայման պիտի ծագի Մասեաց գագաթէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )