Դիտարկում. Արժէքներու Պահապանը (Պատանիի Օրուան Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ընդհանրապէս դաշնակցական կեանքի երկու հանգրուաններ իրենց գերազանց ներկայութեամբ ազդու են եւ անփոխարինելի: Եթէ երբեք առաջինը պատանեկանի տարիքն է, ապա երկրորդը` չափահասութեան, որ իր կարգին դէպի լիացած գաղափարականութիւն տանող ճանապարհի առանցքն է ըստ ամենայնի:

Սա չի նշանակեր երբե՛ք, թէ կը նսեմացուի երիտասարդութեան դերը, տեղն ու արժէքը միութենական թէ կուսակցական միջավայրի ու մթնոլորտի առաւել աշխուժացման եւ պայծառացման մէջ: Խօսքը բոլորովին այլ մօտեցումներու մասին է:

Յաճախ շեշտած ենք այն իրականութիւնը, թէ առանց պատանեկանի շարքերու գոյութեան, ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ հաւաքականութիւն մը ամբողջ, որ կոչուած է առաջնորդելու միութենական թէ կուսակցական միաւորներ, յանուն ազգային դաստիարակութեան եւ համամարդկային իտէալներու նուիրագործումին:

Այլ խօսքով, առանց դաշնակցական պատանիի կերպարին, կենսունակ թէ խայտանքով լեցուն անոր ներկայութեան, ինչպիսի՛ պատկեր ու ձեւ պիտի ստանար կուսակցականի մեր առօրեան տասնամեակներու իր գոյութեան ընթացքին:

Գոյերթ մը, որ առանձնապէս խարսխուեցաւ հայրենապաշտութեան, ժողովրդասիրութեան թէ անանձնական նուիրաբերումի բազում սխրանքներով եւ պատուաբեր արարքներու ընծայումով:

Դաշնակցական պատանիի օր:

Խորքին մէջ օրն է ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն գաղափարական շունչին եւ հզօր երեւակայութեան արգասիքն են իրերայաջորդ պատանեկանի միութիւններու հիմնումն ու հաստատումը` աւելի քան ութ տասնամեակներէ, տարագիր ու անհայրենիք հայութեան կեանքի բարելաւման միտող, ոգեկան ապրումներու թէ արժէքներու պահպանման առաջնորդող,  ազգային դաստիարակութեան ջամբումին եւ գաղափարական աշխարհի ձեւաւորման նպաստող իր եզակի ու շէնշող դերակատարութեամբ:

Փաստօրէն, գաղութահայ կեանքի վերականգնումի թէ հայապահպանման բոլոր աշխատանքներուն հիմք ծառայած են պատանեկանի նման կառոյցներ, որոնց առաքելութիւնն ու գոյութեան իմաստը անփոխարինելի կը մնան առհասարակ:

Այլ հարց, թէ արդի ժամանակներու, արհեստագիտական նորարար նուաճումներու թէ արագասոյր կեանքի փոփոխութիւններու դէմ յանդիման, աւելի քան պարտաւոր ենք վերանայիլ, վերագնահատել եւ ըստ էութեան  բարեկարգման միջոցառումներու որդեգրումով` վերարժեւորել դաշնակցական պատանիի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող ամէն բնագաւառ, ատիկա ըլլայ մանկավարժական թէ ուսուցողական համակարգի հաստատումով, ստուգապէս, պահելով ազգային ու դաշնակցական արժէքներու ամբողջական հայեցակարգը:

Հայեցակարգ, որ իր էութեամբ եւ գաղափարախօսական ըմբռնումներով կենդանի է պահած ՀՅ Դաշնակցութիւնը աւելի քան հարիւր քսան տարիէ:

Միւս կողմէ, առանձնապէս շեշտելի կը մնայ այն, որ, իրերայաջորդ սերունդի ներկայացուցչութիւններ, եթէ երբեք կրցեր են իրենց ներդրումն ու ծառայութիւնը մատուցել հայութեան եւ հայրենիքին, ապա ատիկա գերազանցապէս կը պարտինք այն իրողութեան, որ դաշնակցական գիրն ու գրականութիւնն է փոխանցեր, իր անցեալի եւ ներկայի վաւերական տիպարներու ուղեկցութեամբ:

Այլ ասած, պատանեկանի թէ երիտասարդականի տարիքի սերունդներ միշտ ալ իրենց դաստիարակութեան հիմքն են ունեցեր այնպիսի արժեհամակարգ, որով առ այսօր կը հպարտանանք ազգովին, եւ որուն տիրութիւն ընելու հարկադրանքին տակ են դաշնակցական շարքերն ու պատասխանատու մարմինները:

Այո՛, պատասխանատու ենք բոլորս, անխտիր, պահելու եւ պահպանելու այն բոլոր արժէքները, որոնցմով կը տարբերինք ուրիշներէ եւ կը զանազանուինք այլ շրջանակներէ:

Արդ,  յիշեցնելո՞ւ ենք կրկին ու կրկին, թէ ատոնց` դաշնակցական արժէքներու ամբողջ հարստութիւն մը կը մնայ անգերազանցելի այնքան ատեն որ հետամուտ ենք անոնց պաշտպանութեան եւ ամէն քայլափոխի վերարժեւորման:

Իսկ, երբեւէ մարդկային թէ գաղափարական արժէքներ կրցե՞ր են տոկալ եւ յարատեւել առանց նոյնինքն պաշտպանեալի անմնացորդ նուիրաբերումին եւ անգին զոհողութիւններու ներդրումին: Ո՛չ, երբեք: Սա ինքնին պերճախօս վկայութիւնն է այն լուսապայծառ իրականութեան, թէ գաղափարաբանութիւններ չեն մեռնիր, այլ ինքնասպան կ՛ըլլան:

Դաշնակցական պատանիին համար գոյութիւն ունի՞ աւելի քան ճշմարիտ եւ բիւրեղ իրականութիւն մը` իր պատկանելիութեան իսկութիւնն ու արժէքը խարսխող, քան նոյնինքն դաշնակցական գրականութիւնն ու պատմութիւնը, առաւել եւս այդ պատմութիւնը արժեւորող եւ կենդանութիւն տուող անհատականութիւններու ներկայութիւնը` բոլոր մակարդակներու վրայ եւ առանց խտրութեան:

Միթէ գաղտնի՞ք մը դրսեւորած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք շեշտադրենք, թէ բոլոր դաստիարակութիւններու հիմքը կենդանի եւ տիպար օրինակներու հմայքն է, անով ապրելու եւ հպարտանալու նախանձախնդրութիւնը:

Ճի՛շդ է, ժամանակակից կեանքի ապազգայնացնող եւ ապամարդկայնացնող ահաւոր յորձանուտին դէմ յանդիման, ինչպէ՛ս կարելի է սոսկ տեսական եւ կամ հնաբոյր աշխատելաոճերով կարենալ սերունդներ դաստիարակել, արժէքներ փոխանցել եւ ապագայի հեռանկար ուրուագծել:

Ամրապէս հաւատացողն ենք, թէ նոյնինքն վերոնշեալ պայմաններու եւ ստեղծուած կացութիւններու կիզակէտին, հաւաքաբար կարող ենք նուազագոյնի իջեցնել կորուստներու շքերթը, այլապէս դիմանալ, զարգանալ, յառաջդիմել եւ զօրանալ, եթէ երբեք կառչած մնանք դաշնակցական անգիր թէ անպարագծեալ օրէնքներու եւ արժէքներու, որոնց տիրութիւն ընելու եւ վերակենդանացնելու հրամայական պահանջին տակ կը գտնուինք:

Դաշնակցական պատանիին համար իր տուած դաշնակցականի խոստումին առընթեր տեսնել է հարկաւոր, ապրիլ ու զգալ դաշնակցական արժէքներու վայելչութիւնն ու հեղինակաւոր արտայայտութիւնները, որպէս բալասան եւ ապաւէն հայ կեանքի առաւել աշխուժացման, պայծառացման եւ դաշնակցական առօրեայի կենսունակութեան:

Արդ, կա՞յ աւելի նպատակայարմար եւ բազմիմաստ արժէքներ պարփակող սխրանքի մը յիշատակումը, բազում քաջագործութիւններու կողքին, քան Սուլուխի կռիւին նուիրուած հանդիսութիւն մը, որով անմահացաւ Տարօն աշխարհի արծուասիրտ հերոս եւ դաշնակցական յեղափոխական արարքներու եզակի տիպար Գէորգ Չաւուշի, որ իր եւ իր ընկերներուն նահատակութեամբ ջրդեղեց ազգային կեանքի ու մանաւանդ դաշնակցական պատմագրութեան ամբողջ տեսադաշտը, երբ գիտակցաբար ճակատեցաւ թուրք հրամանատար Քէօսէ Պիպաշըիի եւ հսկայ թիւ հաշուող յորդաններու դէմ, բուռ մը կտրիճներու մասնակցութեամբ:

Սուլուխի կռիւը արժեւորուեցաւ իր կամուրջին թէ մօտակայ գիւղին մէջ ապաստան գտած հայդուկներու մարտերով եւ հերոսականութեամբ: Սուլուխի կամուրջը մինչեւ օրս կը մնայ այն վաւերական մարտադաշտը, ուր ինկան Գէորգ Չաւուշն ու իրեն զինակից Սպաղանաց Գալէն, որուն քաջութեան եւ նուիրումին առջեւ սերունդներ կրնան միայն խոնարհիլ եւ հպարտանալ:

Ճիշդ է, որ աւելի քան հարիւր եօթը տարիէ (27 մայիս 1907) սերունդներ, մանաւանդ դաշնակցական պատանեկանի շարքեր կը տօնեն եւ կ՛ոգեկոչեն  Սուլուխի հերոսագրութիւնը, այնուամենայնիւ, ժամանակակից կեանքի պարտադրանքին համահունչ, ներկայ սերունդներ պարտաւոր են մտածել եւ իրագործել այլ տիպի աշխատանքներ, որոնցմով պիտի կարենանք վեր առնել այս ու նման սխրանքներու էութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Այլ խօսքով, դաշնակցական շարքեր թէ պատասխանատուներ կը գտնուին այն հարկադրանքին տակ, առաւել եւս վերաշխուժացնելու ֆիտայական կեանքի մէն մի դրուագ, նախ` բարոյական արժէքներու հանդէպ լրջախոհ ըլլալու հաստատ եւ աննկուն հասկացողութեամբ, ապա նաեւ` արդի արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւններու օգտագործումով:

Յայտնապէս, մեր բոլորին գուրգուրանքին եւ աջակցութեան արժանի են պատանեկանի եւ երիտասարդականի շարքերն ու կառոյցներ, որոնց գոյութեամբ կ՛արժեւորուին եւ կ՛իմաստաւորուին հաւաքական գործունէութիւններ:

Սոսկ կարգախօսային ելոյթներ չեն կրնար ապահովել նման կառոյցներու յարատեւութիւնն ու կենսունակութիւնը, առհասարակ մեր օրերուն, երբ հրէշային յորձանքներ եւ գործընթացներ կ՛աւերեն ամէն ինչ որ կ՛առնչուի ազգայինին, ա՛լ ուր մնաց գաղափարական աշխարհի ջահակիրներու:

Այսպէս կ՛ըմբռնենք դաշնակցական արժէքներ պահպանելու եւ պաշտպանելու կոչուած սերունդներու հանդիսութիւնները, դաշնակցական պատանի օրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )