Պատանիի Օրուան Առիթով. Պատանեկան Միութիւններուն Մաս Կազմող Պատանին Անպայման Կը Զատորոշուի Ուրիշներէ

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

1107_BADANIՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին (ԸՎՄ) կազմակերպութեամբ, կիրակի, 8 նոյեմբեր 2014¬ին` երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի նշուի «Պատանիի օր»-ը` նուիրուած Սուլուխի կռիւին:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Կարօ Յակոբեանի, Արին Չեքիճեանի եւ Արա Բարսեղեանի հետ, որոնք խօսեցան Հայ պատանիի օրուան նշումին, պատանեկան շարքերուն մէջ տրուած դաստիարակութեան, իբրեւ մարդ եւ հայ կազմաւորման իմաստով պատանեկան միութիւններուն մաս կազմելու անհրաժեշտութեան ու պատանիին նկարագիրի կերտման մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան մասին:

Խօսելով վաղը` կիրակի, 7 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Հայ պատանիի օրուան տօնակատարութեան մասին` Արին Չեքիճեան յայտնեց, որ պատանիներու օրուան նշումը սովորութեան վերածուած է հինէն ի վեր եւ այդ աւանդութիւնը վերականգնելու միտումով վերջին երեք տարիներուն Ընդհանուր վարիչ մարմինը այս առիթով կը կազմակերպէ հանդիսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր պատանեկան միութիւններէ պատանիներ` ներկայացնելով գեղարուեստական յայտագիր մը: Ան նշեց, որ պատանիներու օրը սովորաբար կապուած կ՛ըլլայ պատմական դէպքի մը, իսկ այս տարի անիկա նուիրուած է Սուլուխի կռիւին: Չեքիճեան աւելցուց, որ հանդիսութեան ընթացքին կայ նաեւ խոստման արարողութիւնը, որ իւրայատուկ եւ տպաւորիչ է ո՛չ միայն պատանիներուն, այլ նաեւ ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն համար` հանդիսանալով ներշնչման նոր աղբիւր մը:

Հայ պատանիի մը Պատանեկան միութիւններու շարքերուն մաս կազմելու անհրաժեշտութեան անդրադառնալով` Կարօ Յակոբեան ըսաւ, որ այդ միութիւնները ազգային դպրոց են, ուր պատանիին մէջ կ՛ամրագրուին այնպիսի գաղափարներ եւ համոզումներ, որոնք իրեն հետ կը մնան ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ըստ անոր, անհատին մէջ ազգասիրական ու հայրենասիրական գաղափարաբանութիւն պէտք է ցանել փոքր տարիքին, որպէսզի աւելի առողջ եւ խոր արմատներով ծառ ունենաս ապագային: Յակոբեան նշեց, որ պատանեկան միութիւնները յեղափոխական շունչ կը փոխանցեն պատանիներուն, անոնց կու տան կորով, կը սորվեցնեն յարատեւ աշխատանքի կարեւորութիւնը, կամք ունենալ, դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկիլ, կազմակերպչական գործընթաց, ինչ որ շատ կարեւոր է թէ՛ առօրեայ, եւ թէ կուսակցական կեանքին մէջ:

Արա Բարսեղեան յայտնեց, որ պատանի ըլլալը կարեւոր է, որովհետեւ պատանեկան միութիւնները երկու հիմնական ուղղութիւններով կը դաստիարակեն պատանիները. մէկը իբրեւ ընկերային կեանքի մէկ մասնիկ` տարեկիցներուն հետ շաղուելով, կապ հաստատելով, խաղեր կազմակերպելով, պտոյտի երթալով, այլ խօսքով` ընկերային մաքուր եւ առողջ միջավայրի մէջ կ՛ապրին անոնք: Կայ նաեւ երկրորդ ուղղութիւնը, ուր իբրեւ ապագայի դաշնակցական պատանին կը կազմաւորուի, պատանիներու նուիրուած գիրքէն եւ այլ աղբիւրներէ ընթերցումներ կը կատարուին, անոնք կը սորվին ազգային-յեղափոխական երգեր եւ այլն: Դաշնակցական ըլլալը ինքնին կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր հանգրուանի մարդ սորվելիք ունի` մինչեւ կեանքին վերջը, իսկ պատանեկան միութիւնները այս ուղիին վրայ առաջին եւ կարեւոր հանգրուանը կը հանդիսանան, ուր կրտսերները դաշնակցականի պատրաստութեան իմաստով շատ նախնական կրթութիւն կը ստանան, որովհետեւ շատ փոքր են, իսկ երէցները կը սկսին սերտել Դաշնակցութեան պատմութիւնը, սորվիլ դէպքերուն եւ դէմքերուն մասին: Ա. Բարսեղեան հաստատեց, որ շատ տպաւորիչ է պատանիին  խոստումը. «Դաշնակցական պատանին սրտով մաքուր է, մտքով վսեմ, արի է ու կարգապահ: Ան կը սիրէ ընկերը իր անձին պէս: Դաշնակցական պատանին կը պատուէ ՀՅԴ-ի զինանշանն ու դրօշը: Դաշնակցական պատանին կը յարգէ հայրենիքին ծառայող բոլոր հայորդիները եւ դաշնակցական մտքի ու զէնքի հերոսները: Դաշնակցական պատանին ամբողջ էութեամբ կը սիրէ ու կը սիրցնէ ազգին նուիրական աւանդութիւնները, լեզուն, պատմութիւնը, գիրը, Եռագոյնը եւ մնացեալ բոլոր արժէքները»: Պարզ, սակայն շատ խորքային խոստում մը, ուր կ՛ամփոփուին ընկերային եւ դաշնակցական կեանքին բոլոր կարեւոր տարրերն ու հիմնական գաղափարները, աւելցուց ան:

Պատանեկան միութիւններուն մաս կազմելը նաեւ օգտակար կը դառնայ պատանիներուն ապագային, օրինակ, երբ անձ մը աշխատանքի կը դիմէ իր դպրոցական-համալսարանական ուսումէն անկախ նաեւ կարեւորութիւն կը տրուի միութենական կեանքին մէջ անոր անցուցած տարիներուն, տարած աշխատանքներուն: Պատանեկան միութիւնը յաւելեալ ուժ եւ փորձառութիւն կու տայ պատանիներուն, որոնց ուղեղը կը սկսի գործել այնպէս, որ իրենք ինքնամփոփ եւ եսակեդրոն անձեր չեն,  այլ մաս կը կազմեն հաւաքականութեան մը, ընկերային աշխարհի մը, ուր նաեւ պէտք է ծառայել, տալ ու ստանալ միաժամանակ:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, որ խոստում տուած պատանիներուն եւ միւսներուն միջեւ տարբերութիւն կը զգացուի՞` Արա Բարսեղեան յայտնեց, որ 6 ամիսէն 1 տարի երէց պատանի եղած անհատները իրաւունք կ՛ունենան խոստում տալու, անոնք յաւելեալ լրջութիւն մը կ՛ունենան, աւելի պատասխանատու կը զգան:

Կարօ Յակոբեանի համաձայն, այդ խոստումը կը հանդիսանայ առաջին հունտը, որ կը ցանուի պատանիին կեանքի ուղիին վրայ` զինք աւելի պատասխանատու եւ որոշ չափով աւելի գիտակից դարձնելով:

Խօսելով այն մասին, որ պատանեկան միութիւնները նաեւ պատանին փողոցէն կը բերեն ակումբ` տեղ մը, ուր յոռի երեւոյթներ չկան, կայ առողջ մթնոլորտ, կան հարազատ ընկերներ` Կարօ Յակոբեան ըսաւ, որ ակումբին մէջ պատանիին ներկայութիւնը շատ դրական անդրադարձ կ՛ունենայ իր էութեան վրայ, որովհետեւ այդ տարիքին պատանիները կրնան մոլորիլ, դառն փորձառութիւններու ծուղակը իյնալ, իսկ երբ երիտասարդ պատասխանատու մը կամ վարիչ մը միշտ հետեւի անոնց, ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ պատանիին վրայ: Փոխանակ յոռի բարքերու հանդիպելու, ակումբի երդիքին տակ պատանին կը հանդիպի առողջ միտքերու, մաքուր դաստիարակութեան եւ հարազատ ընկերներով շրջապատուած միջավայրի մէջ ապրելու առիթ կ՛ունենայ: Այսպիսով կը ստեղծուի սերտ կապ մը պատանիներուն միջեւ, որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ այդպիսով անոնք հեռու կը մնան յոռի երեւոյթներէ եւ ախտերէ:

Արին Չեքիճեան անդրադարձաւ պատանեկան միութեան ստեղծման` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ ապաստանած պատանիներու կողմէ, որոնք երէց սերունդի գործիչներու շունչով հիմը դրին նման միութեան մը` իբրեւ առաջադրանք ունենալով ո՛չ միայն համախմբուիլը, այլ նաեւ հայապահպանումը: Ան նշեց, որ պատանիներուն ներկայութիւնը քաջալերական է, անոնց մասնակցութիւնը հրապարակային ձեռնարկներուն քաջալերելի է, նաեւ ձեւով մը քարոզչական դերակատարութիւն ունի:

Ներկայիս Լիբանանի տարածքին գործող պատանեկան միութիւններուն մասին խօսելով` Արին Չեքիճեան յայտնեց, որ անոնք թիւով 15 են, կը գործեն ՀՅԴ ակումբներուն մէջ, կան կրտսեր եւ երէց բաժանմունքներ, կրտսերները 9-12 տարեկաններն են, իսկ երէցները 12-16: Աշխատանքները ընդհանրապէս կը կատարուին Ընդհանուր վարիչ մարմինի հովանաւորութեամբ, նաեւ միութիւնները կ՛ունենան իրենց անհատական ձեռնարկները` ընկերային, դաստիարակչական, քարոզչական: Պատանեկան միութիւնները կը գումարեն իրենց շաբաթական ժողովները, կը մասնակցին ԸՎՄ-ի դաստիարակչական ծրագիրներուն, կը նշեն յատկանշական տօներ, կը կազմակերպեն ընկերային միացեալ ձեռնարկներ, կը մասնակցին բանակումներու: ԸՎՄ-ը ունի իր քարոզչական ձեռնարկները, «Վազրիկ» ամսաթերթը, «Վանայ ձայն»-ի «Կորիւն» յայտագիրը (ամսական դրութեամբ), arfbadani բջիջայինի նոր ծրագիր մը, որ նոր պիտի հրապարակուի, ուր հայկական դէպքերու, յեղափոխական դէմքերու, մտաւորական անձնաւորութիւններու, տօներուն եւ այլնի վերաբերող որոնման միջոց է: Քարոզչական ձեռնարկները կ՛ընդգրկեն պատանիի օրը, քերմէսներ, կլոր սեղաններ եւ այլ ձեռնարկներ: Դաստիարակչական ծրագիրը ունի այլազան բաժիններ` յեղափոխական, ազգային, մշակութային, նաեւ տարբեր հարցերու վերաբերող: Այս բոլորը կը կատարուին միացեալ ժողովներու, հանդիպումներու ճամբով, անհատական աշխատանքներու ընդմէջէն, գծագրական մրցանքներով, երգի եւ զարգացման մրցումներով, նորագոյն արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումով եւ այլն: Կան նաեւ ընկերային ձեռնարկները, որոնք նուիրուած են մեր աւանդական տօներուն, մարզական խաղեր, դաշտագնացութիւն, ձիւնագնացութիւն եւ այլն: Կայ նաեւ բանակումը, որուն կը մասնակցին բոլոր պատանեկան միութիւնները, ուր կը ստանան յեղափոխական եւ կարգապահական գիտելիքներ, կը ծանօթանան նոր ընկերներու եւ առիթ կ՛ունենան գործնականացնելու իրենց գիտելիքները: Ան նշեց, որ կայ նաեւ պատանիներու Դիմատետրի էջը:

Բանակումներուն կարեւորութեան եւ պատանիներուն համար անոնց ստեղծած մեծ հետաքրքրութեան ու խանդավառութեան մասին խօսելով` Արա Բարսեղեան նշեց, բանակումը կ՛ըլլայ մէկ տարուան ընթացքին ակումբին մէջ պատանիին ստացած գիտելիքներուն, սորվածներուն քննութեան վայրը, ուր աւելի եւս կը հարստացնէ իր մտային ու հոգեկան աշխարհը: Բանակումին հիմնական նպատակը պատանիները չարքաշութեան վարժեցնելն է, դասախօսութիւններ տալը, արշաւներ կազմակերպելը, ընել ամէն ինչ, որպէսզի կազմաւորուի ապագայի դաշնակցականը: Հոն կը սորվին խմբային կեանքին օրէնքներն ու գաղտնիքները, հրահանգներու ենթարկուիլը, հաւաքական կեանք ապրելու կը վարժուին: Ընդհանրապէս միացեալ ժողովներ կը կատարուին, սակայն բուն տեղը, ուր պատանիները իրարու հետ կը շաղուին, շուրջ մէկ շաբաթ իրարու հետ կ՛ապրին, ատիկա բանակումն է, հաստատեց Արա Բարսեղեան: Պատանիներուն մարմինը եւս աւելի ճկուն կը դառնայ, անոնք կը դրուին տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, զորս պէտք է յաղթահարեն, պէտք է ըլլան կոկիկ, մաքուր, վստահին իրենք իրենց անձերուն եւ այլն:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ դարու եւ պայմաններու փոփոխութեան հետ արդեօք պատանիին հետաքրքրութիւնն ալ չէ՞ փոխուած, այսօր նոյնքան հետաքրքրութիւն կա՞յ պատանեկան միութիւններուն նկատմամբ` Կարօ Յակոբեան յայտնեց, որ այսօր համացանցը, համաշխարհայնացումը մարդը կը կեդրոնացնեն իր անձին շուրջ, այդ պատճառով ալ այսօր նոր սերունդը պատանեկան միութիւններուն մէջ ներգրաւելը դժուար աշխատանք սկսած է ըլլալ: Բայց եւ այնպէս իբրեւ ԸՎՄ նետուած ձեռնոցը կը վերցնեն ու կը շարունակեն աշխատանքը դարուն համաձայն: Ան հաստատեց, որ որքան արագ ընթանայ դարը, ԸՎՄ-ի պատասխանատուները եւս կը փորձեն քայլ պահել անոր հետ` հաւատալով աշխատանքի կարեւորութեան:

Արին Չեքիճեան յայտնեց, որ Դիմատետրը, համացանցի տարբեր ընկերային ցանցերը կարեւոր են, որովհետեւ պատանիները իրենց քարոզչութիւնը կը կատարեն հոն, նոր սերունդներ կը ներգրաւուին: Յատկանշականը այն է, որ պատանիները իրենք կը գրեն «Վազրիկ»-ին մէջ, իրենք կը պատրաստեն ու կը վարեն «Կորիւն» յայտագիրը, իրենք գեղարուեստական յայտագիրներ կը գործադրեն, ուստի պէտք չէ ընկրկիլ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, որովհետեւ վարիչներուն ճամբով կարելի է պատանիները աշխատանքի հրաւիրել: Ան ըսաւ, որ պատանեկան միութիւնները ինքնին դպրոցներ են, ուր մեծ փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն պատանիները, կ՛ըլլան աւելի համարձակ, ինքնավստահ, յանդուգն, միտքեր եւ ապրումներ ունեցող:

Այս առնչութեամբ Արա Բարսեղեան ըսաւ, որ եթէ ակնարկ մը նետենք պատանեկան միութիւններու գոյերթին վրայ, կը տեսնենք, որ ժամանակի ընթացքին շատ բան փոխուած է, սակայն պատանեկան միութիւնները կրցած են միշտ քայլ պահել անոնց հետ: Պատանեկան միութիւնը ծնունդ առած է կարիքէ մը, որպէսզի պատանիները քով քովի գան եւ միասնաբար նախաձեռնութիւններ կատարեն, աւելի ուշ, երբ կարիք եղած է ֆետայիներու պատրաստութեան, պատանեկան միութիւններու մէջ դաստիարակուածները լծուած են գործի, իսկ երբ վրայ հասած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը, պատանիները երիտասարդներուն կողքին զէնք վերցուցած եւ մեր թաղերը պաշտպանած են, յայտնեց Ա. Բարսեղեան: Ան աւելցուց, որ  երբ սկսաւ զարգանալ դարը, պատրաստուեցաւ «Հայ պատանիին գիրքը», անկէ ետք ստեղծուեցաւ կայքը, Դիմատետրի էջը եւ այլն: «Իւրաքանչիւր անգամ, որ պայմանները փոխուեցան, պատանեկան միութիւնները կրցան քայլ պահել, փոփոխութիւններ բերել, նորութիւնները ներգրաւել, որպէսզի պատանին ինքզինք հեռու չզգայ ժամանակակից նորարարութիւններէն: Այսօր հաւանաբար փոփոխութիւնները աւելի դժուար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն պատանեկան միութիւններու պատասխանատուները, բայց կը կարծեմ, թէ ծնողներուն մղումով ու քաջալերանքով իւրաքանչիւր հայ պատանի կրնայ երթալ եւ այդ ընկերային կեանքը վայելել, որովհետեւ այդ կեանքը անկարելի է, որ գտնուի համացանցային աշխարհին մէջ, հոն չկան ընկերներու հետ խօսիլը, խաղալը, վիճիլը, միտքեր փոխանակելը, նեղանալ ու հաշտուիլը, միասին ծրագիրներ մշակելն ու գործադրելը: Իբրեւ մարդ այս մթնոլորտը անփոխարինելի ներդրում կ՛ունենայ պատանիին կեանքին ու ապագային վրայ: Ուստի ծնողները պէտք է քաջալերեն, որ իրենց զաւակները երթան ու վայելեն այս բոլորը, չզրկեն զանոնք այս առիթէն», յայտնեց Արա Բարսեղեան:

Արին Չեքիճեան դիտել տուաւ, որ թէեւ այսօր պայմանները, ծնողներուն մտայնութիւնը աւելի դժուար հանգրուանի մը դէմ յանդիման կը դնեն պատանեկան միութիւններուն պատասխանատուները, սակայն կայ հաւատքը, որ կարելի է աշխատանքով յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն, յատկապէս եթէ ծնողները կանգնին իրենց կողքին:

Ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը` Կարօ Յակոբեան ըսաւ, որ նոյնիսկ ոչ դաշնակցական կամ կուսակցական որեւէ թեքում չունեցող ծնողները պէտք է իրենց զաւակը առաջնորդեն պատանեկան միութիւններ, որովհետեւ հոն պատանիներուն վրայ որեւէ կուսակցական յանձնառութիւն չի դրուիր, այլ հոն կարելի է վայելել այնպիսի մթնոլորտ, ստանալ այնպիսի գիտելիքներ ու կազմաւորում, որ ոչ մէկ այլ տեղ կարելի է գտնել: Ան նշեց, որ ծնողները յաճախ մանրամասնութիւններուն մէջ մխրճուելով կը մոռնան ու կ՛անտեսեն կարեւոր իրականութիւնները, այս պարագային այն, որ ակումբներուն մէջ պատանիները որքա՜ն շահելիք բաներ ունին: Ուստի կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ կեդրոնանան իրականութեան եւ կորիզին վրայ, անտեսեն մանրամասնութիւնները` քաջ գիտակցելով, որ պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ կազմաւորուող պատանիները տարբեր պիտի ըլլան, վարիչներու շունչով եւ ուղղութեամբ պիտի դաստիարակուին: Ան նաեւ կոչ ուղղեց պատանիներուն` ակումբ գալու, տեսնելու, փորձելու եւ ապա որոշում տալու:

Արա Բարսեղեան մաղթեց, որ ծնողները վարիչներէն եւ Ընդհանուր վարիչ մարմինէն հրաշքներ չակնկալեն, չսպասեն, որ շաբաթը երկու ժամ ակումբ ղրկելով ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին ուշադրութենէ հեռու, իրեն հետեւող չունեցող, հայկական վարժարան չյաճախող պատանին պիտի ըլլայ տիպար, բարի եւ կիրթ անձ մը, իսկական դաշնակցական մը: Ան յոյս յայտնեց, որ ծնողները լաւ դիտեն իրականութիւնները, ապա դատեն, որովհետեւ ամբողջ շաբաթ մը անկարգ ու անկանոն կեանք մը ապրած իրենց զաւակը քանի մը ժամուան մէջ յանկարծ պիտի չփոխուի, որքան ալ մեծ ճիգ թափեն վարիչները: Ուստի պէտք չէ պէտք եղածէն շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն դնել պատանեկան միութիւններուն վարիչներուն ուսերուն, երբ որոշ անտարբերութիւն կայ տան մէջ:

Արա Բարսեղեան ըսաւ, որ մոռնալով դաշնակցական թրծելու բաժինը, պէտք է շեշտել, որ պատանեկան միութիւններու շարքերուն մէջ ապրիլը շատ լաւ «զէնք» է, որ կը ստանայ պատանին, որովհետեւ երբ 14-15 տարեկանին ան գիտէ ծրագիր մը պատրաստել, մշակել, կազմակերպել եւ գործադրել, ուրեմն արդէն իսկ ապագայի հմուտ ղեկավարը կը սերմանուի անոր մէջ: Մենք այս շարքերուն մէջ ղեկավարելու կարողութիւնը կը սերմանենք պատանիներուն մէջ. բնական է, որ ամէն մարդ ղեկավար կամ առաջնորդ չի կրնար ըլլալ, սակայն հոն է, որ պատանիին մէջ ի յայտ կու գան այնպիսի նկարագրային գիծեր, որոնք այլապէս պիտի չդրսեւորուէին, յայտնեց ան: Պատանիներուն հետ ունեցած իր փորձառութենէն մեկնելով` Արա Բարսեղեան ըսաւ, որ ինք պատանիներուն յաճախ կ՛ըսէր, որ լաւ ու տիպար պատանի կրնան նկատուիլ, եթէ իրենց տարեկից 50 հոգիին մէջէն զատորոշուին:

Եզրափակելով` Կարօ Յակոբեան յայտնեց, որ այսօրուան տարուած ամբողջ աշխատանքը ներդրում է ապագայի համար, որովհետեւ այսօր ցանուած հունտերուն արգասիքը ապագային պիտի քաղուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )