Լիբանանի Թեմի Քահանայից Համագումար` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի երէկ` ուրբաթ, 7 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի քահանայից համագումարը` մասնակցութեամբ Լիբանանի զանազան շրջաններու ծխատէր քահանայ հայրերուն: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տէրունական աղօթքէն ու շարականներու երգեցողութեան ժամերգութենէն ետք քահանայ հայրերը բարձրացան եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահ` մասնակցելու համագումարին: Թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան բացման իր խօսքով ողջունեց ներկաները եւ անդրադառնալով օրուան քննարկման յայտնեց, որ քահանան միշտ պէտք է վերանորոգէ ինքզինք հոգեւոր գիտութիւններով` պատրաստ ըլլալու համար միշտ նորութիւններ փոխանցելու ժողովուրդին: Համագումարին նպատակներուն անդրադառնալով` Կրօնական ժողովի ատենապետը ըսաւ. «Այս համագումարին նպատակն է առիթ ստեղծել միասնաբար վերանորոգուելու եւ նոր թափով ուղղուելու, դիմելու, երթալու դէպի ժողովուրդը»: Ապա կատարուեցաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն` Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանի կողմէ. ան խօսեցաւ բարի եւ քաջ հովիւին մասին` մէջբերումներ կատարելով Յովհաննէս 10, 1-12-րդ գլուխներէն: Քահանայ հայրը շեշտը դրաւ քաջ հովիւի նկարագիրին վրայ, միշտ Քրիստոսը իբրեւ օրինակ ունենալով մեր կեանքին մէջ: Ապա ժողովականները կարծիքներ փոխանակեցին ու քննարկեցին օրակարգեր, հարցեր ու մտահոգութիւններ, որոնք կ՛առնչուին քահանաներու ծառայութեան:
Փակման խօսքը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ խորապէս գնահատեց Կրօնական ժողովի այս աշխատանքը, ապա իր հայրական թելադրանքներով իւրաքանչիւր քահանայէ պահանջեց ըլլալ իսկական ծառայող, անձնդիր եւ անձնուէր: Ծառայել ժողովուրդին` օրինակելի ձեւով ու անսակարկ նուիրումով եւ զոհողութեամբ: Շահէ եպս. Փանոսեան նաեւ թելադրեց, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի անդամ լիովին ըլլայ իր առաքելութեան մէջ:
Համագումարի աւարտին ժողովականները հրաւիրուեցան ճաշի հիւրասիրութեան պատրաստուած` Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի կազմերուն կողմէ, որոնք սիրայօժար կերպով կատարեցին իրենց պարտականութիւնը եւ մասնակից դարձան «Սիրոյ սեղան»-ի այս հացկերոյթին` սրբազան հօր եւ քահանաներուն կողքին: Այս առիթով սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով խիստ բարձր գնահատեց ժրաջան գործունէութիւնը թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, որոնք «անսակարկ նուիրումով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը` իրենց ազգօգուտ ներդրումը բերելով ի սպաս հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին»:
Համագումարը փակուեցաւ աղօթքով: