Օպամա ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Խամենէիէն Օժանդակութիւն Կը Խնդրէ

Օպամա եւ Խամենէի

Օպամա եւ Խամենէի

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիին ուղղած է նամակ մը, որուն մէջ Իրանի օժանդակութիւնը խնդրած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ:

Ամերիկեան լաւատեղեակ աղբիւրներ «Քուտս Արապի» օրաթերթին յայտնեցին, որ անցեալ ամսուան կիսուն ուղղուած նամակին մէջ Օպամա կը նշէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի հարցով հասարակաց շահ մը գոյութիւն ունի:

Աղբիւրները յայտնած են, որ նախապէս ալ Օպամայէն այսպիսի նամակներ Իրանին փոխանցուած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի, անոր տեղակալ Ուինտի Շըրմընի, Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ Իրաքի մէջ շիի հոգեւոր հեղինակութիւն Ալի Սիսթանիի միջոցով:

Ամերիկեան լաւատեղեակ աղբիւրները «Քուտս Արապի»-ին յայտնած են, որ նամակին բովանդակութենէն տեղեակ պահուած են Եւրոպան, Իսրայէլը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Սակայն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Օպամայի նամակէն տեղեակ չէ եղած, ինչ որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան մը ցուցանիշն է: Կայանը կ՛աւելցնէ, որ այդ նամակը պատճառ դարձած է, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Եովալ Շթայնից հինգշաբթի գիշեր Փարիզ մեկնի:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ-ի հարցով Իրանի հետ գործակցութեան որեւէ համաձայնութիւն սխալ մըն է եւ Իսրայէլ ատոր պիտի ընդդիմանայ»:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Օպամա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին համար քոնկրեսէն 3,2 միլիառ տոլար պիտի խնդրէ: Այդ գումարէն 500 միլիոն տոլարը նախատեսուած է իրաքեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող քիւրտերուն սատարելու համար:

Share this Article
CATEGORIES