Արաֆաթի Մահուան Տարելիցի Նշման Բեմը Ականահարուեցաւ. Համաս Եւ Ժիհատ Իսլամի Կը Դատապարտեն Կազայի Մէջ Ֆաթհի Ղեկավարներու Բնակարաններուն Մօտ Կատարուած Պայթումները
Երէկ արշալոյսին Կազայի մէջ Ֆաթհ շարժումի ղեկավարներուն տուներուն մօտ ականներ պայթեցան: Ականահարուեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասեր Արաֆաթի մահուան տարելիցին նշման համար կառուցուած բեմը:
Ականահարումներու շարքին լոյսին տակ, Պաղեստինի վարչապետ Ռամի Համտալլա ջնջեց իր Կազա այցելութիւնը: Ֆաթհի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հիւսէյն Շէյխ տեղի ունեցածին համար պատասխանատու նկատեց Համասի ղեկավարութիւնը:
Համասի բանբեր Ֆաուզի Պարհում դատապարտեց տեղի ունեցած ականահարումները` շեշտելով, որ ապահովական մարմինները պէտք է հետաքննեն դէպքը եւ մեղսակիցները հետապնդելով զանոնք յանձնեն արդարադատութեան:
Իսլամական Ժիհատ շարժումը իր կարգին դատապարտեց ականահարումները եւ զանոնք «իսրայէլեան թշնամիին մատուցուած մեծ ծառայութիւն մը» նկատեց` կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան կառչելու, ազգային հաշտութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ ժողովրդային ամբողջ ներուժը յատկացնելու Երուսաղէմի պաշտպանութեան:

