«Թեհրան Եւ Մոսկուա Սուրիական Ճգնաժամի Որեւէ Զինուորական Լուծման Դէմ Են» Ըսաւ Ապտելլահեան

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով տեղակալ Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան կոչ ուղղեց Սուրիոյ ճգնաժամի խաղաղ լուծման:
Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ աջակցողները, մասնաւորաբար Իրանն ու Ռուսիան դէմ են Սուրիոյ իրադարձութեանց զինուորական որեւէ լուծումի:
Ապտելլահեան յայտարարութեան մը մէջ շեշտեց. «Թեհրան, Մոսկուա եւ այլ երկիրներ պիտի շարունակեն աջակցիլ Սուրիոյ եւ մերժել որեւէ զինուորական լուծում այս արաբական երկրին մէջ տեղի ունեցող բռնարարքներուն, որոնց 2011-էն ի վեր կ՛աջակցի Արեւմուտքը»:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նշեց. «Սուրիոյ աջակցողները կը շեշտեն կարիքը քաղաքական լուծումի մը` նկատի ունենալով, որ անիկա ճգնաժամէն դուրս գալու միակ ուղին է»:
CATEGORIES Միջազգային

