Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը 30 տարիով ալ երկարաձգելու, եթէ անիկա կը ծառայէ լիբանանեան պետութեան շահերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ անկախութեան տօնին առիթով պետական բոլոր հաստատութիւնները շաբաթ, 22 նոյեմբերին փակ պիտի մնան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Պէյրութի մաքսատան տնօրէնութիւնը գրաւած է մեծ քանակութեամբ քեփթակոն դեղահատեր, որոնք պիտի ուղարկուէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք ամսական իր աշխատավարձերէն հրաժարած է եւ զանոնք պիտի նուիրէ նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն` ընդառաջելով լիբանանեան հանրային կարծիքին ուղղած այն կոչին, որ իրենց պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած երեսփոխանները պէտք է հրաժարին իրենց ամսականներէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ֆատել յայտնեց, որ ինք ամսական իր աշխատավարձերէն հրաժարած է եւ զանոնք պիտի նուիրէ Թրիփոլիի զինեալ բախումներէն տուժած ընտանիքներուն հատուցման:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կը ջանայ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել` թիրախ դարձնելով բանակը:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա երէկ «Տիւ Ռոյ» եւ «Նափոլէոն» պանդոկները պայթումի թիրախ դարձնող ահաբեկիչներուն դէմ ամբաստանագիրներ հրապարակեց:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ գոյութիւն չունի` ընդգծելով, որ անկարելի է Լիբանանի մէջ իսլամական էմիրութիւն մը հիմնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Ժապալ Շէյխը թիրախ դարձնող բախումները` հաստատելով, որ տիւրզի համայնքը կը վճարէ միասնական Սուրիոյ զօրակցութեան գինը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ամէնէն անարգ ոճիրն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ կոչ ուղղեց նոր երկխօսութեան մը սկսելու, նախ եւ առաջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ եւ ապա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ բացայայտած է, որ քաթարցի բանագնացը Լիբանան պիտի վերադառնայ` շարունակելու համար առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը բողոքարկելու բոլոր նախապատրաստութիւնները մշակուած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պէտք է արգիլէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի խորհրդարան մուտքը, մինչեւ որ ան ներում չհայցէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ քրիստոնեաները կը կազմեն շրջանին փափուկ մէջքը` աւելցնելով, որ առաջին անգամ քրիստոնեաներն են, որոնք վտանգի կ՛ենթարկուին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան գործունէութեան առնչութեամբ մտավախութիւն չկայ` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը արդէն իսկ երկարաձգուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկողն է խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պատճառը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ իրենք իրաւունքները վերստանձնելու պայքար է, որ կը մղեն` աւելցնելով, որ իրենց համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ քրիստոնեաները վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ նախորդ շաբաթներուն ընթացքին որդեգրուած հանդարտեցումի քաղաքականութեան նպատակն էր երկարաձգել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը յանձնառու է ամէնէն արագ միջոցին գործադրելու լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական զինուորական օժանդակութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու է կառավարութեան պահպանումին:

 

Share this Article
CATEGORIES