Բանակը Արգիլեց Սուրիացի Վիրաւորներու Մուտքը Լիբանան
Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Շեպաայի մէջ արգիլած է 11 սուրիացի վիրաւորներու Լիբանան մուտքը: Աւելի ուշ բանակը արտօնեց, որ միջազգային Կարմիր խաչը ուղղուի Ժապալ Շէյխ եւ հոն բուժէ վիրաւորները:
Բանակի զօրամաս մը ներխուժած է Քարաոնի ամբարտակին մօտակայքը գտնուող սուրիացի գաղթականներու մէկ գաղթակայանը:
Այդ ներխուժումին ընթացքին բանակը ձերբակալած է 28 սուրիացիներ:
Միւս կողմէ, բանակը Զղարթայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած է 10 սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան:
Այլ հաղորդագրութեամբ մը բանակը շեշտեց, որ Արսալի մէջ բանակը իր շրջուն ջոկատներով խստացուցած է հսկողութիւնը` ահաբեկչական որեւէ հաւանական արարք կանխարգիլելու նպատակով:
Նոյն հաղորդագրութեամբ նշուեցաւ, որ Արսալի փողոցներուն մէջ նշմարուած են դիմակաւոր զինեալներ, որոնք կրակ բացած են Արսալի եւ անոր բնակչութեան դէմ:
Պէտք է աւելցնել, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Ասրալի Այն Շաապ անցարգելին վրայ ձերբակալեց Ալաա Ապտել Մըհսեն Հուժէյրին, որ տարի մը առաջ Զահլէի գիշերային ակումբներէն չորս կիներ առեւանգած էր եւ յանձնած Ժապհաթ Նուսրայի:
Նշենք, որ յետմիջօրէին Տահր Պայտարի անցարգելին վրայ ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին սուրիացի Ապտել Ազիզ Սլէյման Ժըտաանը, որուն մասին կասկածներ կան, թէ ան կը պատկանի ահաբեկչական կազմակերպութեան մը:

