Զօր. Աուն Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Դեսպան Ալի եւ զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի կառավարութեան հետ` Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով:
Ան հարց տուաւ սակայն, որ արդեօք Լիբանանի կառավարութիւնը պատրա՞ստ է այդ գծով գործակցելու սուրիական կառավարութեան հետ:
Ալի նշեց, որ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ որդեգրուած չէզոք քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած է, որ ահաբեկչութիւնը ներթափանցէ Լիբանան: «Սուրիա Լիբանանի հետ եղբայրական կապեր ունի եւ մնայուն կերպով կը գործակցի անոր հետ, ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին», աւելցուց Ալի:
Սուրիոյ դեսպանը հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները պէտք է կրէ միջազգային ընտանիքը` շեշտելով, որ Սուրիոյ բաժանումին մասին որեւէ տեղեկութիւն անճիշդ է:

