Պասիլ – Քոչարեան Հանդիպում

Պասիլ եւ Քոչարեան
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան-հայաստանեան յարաբերութիւնները բարձր գնահատուեցան եւ շեշտուեցաւ տարբեր մարզերու մէջ Լիբանանի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ եւ Ա. Քոչարեան կարեւոր նկատեցին նաեւ միջազգային մակարդակով երկկողմանի գործակցութիւնը, յատկապէս Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու առումով համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանահայութեան ունեցած շինիչ դերակատարութիւնը` Լիբանանի զարգացման եւ հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւնները խորացնելու առումով:

