Ֆրենժիէ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Միքաթի եւ Ֆրենժիէ

Միքաթի եւ Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միքաթիի ընկերակցեցան երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ Մոհամետ Ֆատել: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի եւ Թոնի Ֆրենժիէ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Ֆրենժիէի հետ համակարծիք գտնուած են Լիբանանը ապահովական վտանգներէ պաշտպանելու եւ ներքին լիբանանեան կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պաշտպանելու առումով:

«Քննարկեցինք նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը մօտիկ ապագային կատարելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին Միքաթի նշեց, որ ինք անձամբ չէ մասնակցած այդ նիստին, որովհետեւ իր համոզումներուն համաձայն, պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ժողովրդավարական ընտրանք մը չէ: «Բայց եւ այնպէս կը հասկնամ, որ խորհրդարանն ու երեսփոխանները ի՛նչ մտահոգութեամբ որդեգրեցին այդ որոշումը, որովհետեւ ներկայ հանգրուանին անիկա լաւագոյն լուծումն է` կանխարգիլելու անիշխանութիւնը», ընդգծեց Միքաթի:

Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հիմնական պատճառը նախագահական ընտրութիւն չկատարելն է:

Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին մասին Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը զինուորական նուաճում մը իրագործեց Թրիփոլիի մէջ` վստահեցնելով, որ Թրիփոլիի բնակիչները լիբանանեան պետութեան կ՛ենթարկուին: «Սակայն պետութիւնը իր կարգին պէտք է Թրիփոլիի բնակիչները իր հովանաւորութեան տակ առնէ եւ գուրգուրայ անոնց», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ֆրենժիէ ողջունեց իր այցելուները` հաստատելով, որ հիւսիսային Լիբանանը հանգիստ ու խաղաղ վայր մը կը դառնայ, երբ Թրիփոլին եւ Զղարթան իրարու բացուին, իրարու հետ խորհրդակցին եւ գործակցին:

«Մեր յարաբերութիւնները` սկսեալ նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի եւ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի յարաբերութիւններէն, պատմական են եւ պիտի շարունակեն այդպէս մնալ», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ Միքաթի կը նկատուի չափաւորականութեան խորհրդանիշը` նկատի ունենալով, որ չափաւորականութիւնն է ներկայ հանգրուանին կարեւորագոյն բաղկացուցիչը:

Պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութիւնը բացայայտօրէն որդեգրելուն մասին հարցումի մը` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա տարիներէ ի վեր որդեգրած է զօր. Աունի թեկնածութիւնը, նոյնիսկ եթէ անիկա առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը յայտարարէ այդ մէկը: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուն զօր. Աունն է եւ իրենք կը մաղթեն, որ նախագահական ընտրութիւնը շուտով կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES