Ժոմպլաթ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լաւրովի Հետ

Ժոմպլաթ եւ Լաւրով
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` ներկայութեամբ Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանովի եւ Ժոմպլաթի ընկերակցող պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին իր զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Հալիմ Ապու Ֆախրէտտին:
Ռուսական պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք քննարկած են Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ աւելցուց, որ Լիբանանի իրավիճակին մասին իրենց արժեւորումը գրեթէ նոյնը եղած է:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Լաւրովի հետ քննարկած է նաեւ Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ տիրող կացութիւնը եւ բարձր գնահատած լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ժոմպլաթ նշեց, որ իր կարծիքով, Լիբանան աւելի ուշ զէնքեր պիտի գնէ նաեւ Ռուսիայէն, «եւ այդ մէկը կարեւոր է», աւելցուց ան:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ լիբանանեան բանակին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը` Թրիփոլիի զինուորական գործողութիւնը կատարելու եւ ապահովական նուաճում արձանագրելու առումով, ինչպէս նաեւ գնահատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Հարիրիի դերակատարութեան ակնարկող դրուատիքը: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային սէյիտ Նասրալլա եւ Հարիրի հանդիպին:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին լուծումին` Ժոմպլաթ հաստատեց, որ այդ լուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական եւ ընդգրկէ սուրիացի ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր տարրերը:
Ակնարկելով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անիկա ժողովրդային որոշում մը չէ:

