Ընտանիքին Նուիրուած Խորհրդաժողովը Դարձաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ Համակեցութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտող Առիթ Մը
Կազմակերպութեամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին եւ գործակցութեամբ Վատիկանի, երէկ յետմիջօրէին Ռապուէի «Լիքա» քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ
«Ընտանիքը եւ դարու մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին:
Խորհրդաժողովը դարձաւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող, Միջին Արեւելքի մէջ բազմազանութիւնը պահպանելու եւ համերաշխութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը ընդգծող հանդիսաւոր առիթ մը:
Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Անթուան Նեպիլ Անտարի եպիսկոպոս, հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, Քաղդէացիներու Մար Լուիս Ռուֆայել Ա. Սագօ պատրիարքը, Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ալի Ասին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Սելիմ Սահիունի, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, դեսպաններ, բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց շարքին` լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: «Ազդակ» իր կարգին ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովին բացման պաշտօնական արարողութեան:
Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք վարչապետ Սալամ արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ իսլամական կրօնին անունով սպաննող հաւատադրժողական շարժումները նախ եւ առաջ իսլամներուն վնաս կը հասցնեն: Ան կոչ ուղղեց իսլամներուն ամրապնդելու իրենց չափաւորականութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց շրջաններուն` ընդգծելով, որ անոնք Միջին Արեւելքի բնիկներն են եւ անոր ճակտին ցոլացող աստղերը:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր խօսքին մէջ անհրաժեշտ նկատեց ընտանիքին պահպանումը, որպէսզի ընկերութիւնը չկորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ընտանիքին գլուխը պէտք է ըլլայ հզօր հայր մը:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց բացայայտելու առաջնորդ եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի, ինչպէս նաեւ լուսանկարիչ Սամիր Քասսապի ճակատագիրը:
Մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիները փաստած են, թէ իրենք լիբանանեան պետութիւնը, բանակն ու միասնականութիւնը հիւրընկալող ընկերութիւն են եւ կտրականապէս կը մերժեն ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղութիւնը:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հողին` ընդգծելով, որ անոնց դէմ գործուած որեւէ յարձակում իրենց դէմ յարձակում կը նկատուի: «Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի աղն են, եւ ի վերջոյ մենք կա՛մ միասին կը գոյատեւենք եւ կա՛մ չենք գոյատեւեր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք պիտի գործակցի Վատիկանի հետ` ամրապնդելու համար իսլամական-քրիստոնէական յարաբերութիւնները:
Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ Ասատ Ալի Ասի ընդգծեց դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը լիբանանեան ընկերութեան առողջ դաստիարակութիւնը կ՛ուզէ, ապա ան պէտք է փոքրամասնութիւններուն արդար իրաւունքները յարգէ:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդին շահերը կարելի չէ իրականացնել` առանց միասնականութեան եւ շինիչ համագործակցութեան:
Քաղդէացիներու Մար Լուիս Ռուֆայել Ա. Սագօ պատրիարքը ընդգծեց, որ իբրեւ եկեղեցի իրենց առաքելութիւնն է Արեւելքի մէջ շեշտել միասնականութիւնը, գոյատեւման պայքարը եւ համբերութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի խօսքը փոխանցեց անոր ներկայացուցիչ շէյխ Ահմետ Քապալան: Ան նկատել տուաւ, որ այս դարուս ամէնէն վտանգաւոր բանը ուրիշին արժանապատուութիւնը ոտնակոխելու մտայնութիւնն է:
Կաթողիկէ միաբանութեան համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Լորենզէ Պալտիսարի հաստատեց, որ չար ուժերը պիտի չկարենան տիրապետել, որովհետեւ Միջին Արեւելքը, որ քրիստոնէութեան բնօրրանն է, նաեւ համերաշխութեան եւ համակեցութեան շրջանն է:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Անթուան Նեպիլ Անտարի եպիսկոպոս իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ արեան կապը խորհրդանշող ընտանիքին պահպանումով պահպանած կ՛ըլլանք ազգային ընտանիքը եւ անոր մշակոյթը:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին խօսքով: Ան շեշտեց, որ եկեղեցին պսակը կը նկատէ Ս. խորհուրդ, իսկ ընտանիքը վայր մը, ուր պէտք է փոխադրել հաւատքի արժէքները:
«Ընտանիքը մարդկութեան առաջին դպրոցն է, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ ընկերութիւն մը հիմնելու դպրոցը», ըսաւ ան:
Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդաժողովի բացման ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու նուագախումբը` Զիատ Մրատի առաջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ փունջ մը ազգային եւ հոգեւոր երգերով հանդէս եկան Քարոլ Աուն եւ Շատի Այտամունի:

