Լոնտոնի Ցուցահանդէսին Ազրպէյճանցիները Փորձած Են Փակել Արցախի Տաղաւարին Մուտքը
Բրիտանիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «WTM-Excel London-2014» միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսը 6 նոյեմբերին աւարտած է աշխատանքը: Ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ կատարած է լայնածաւալ քարոզչութիւն` Արցախի զբօսաշրջական ներուժը ներկայացնելով բրիտանական զբօսաշրջութեան շուկային: Բացի տեղեկատուական նիւթեր տարածելէն, պատուիրակութիւնը կազմակերպած է գինիի համտեսում, ինչպէս նաեւ աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն` բազմապատկելով Արցախի տաղաւարին այցելուներու թիւը: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, որ այս անգամ եւս ազրպէյճանական կողմը զերծ չէ մնացած իր համար աւանդական դարձած սադրանքներէն: Ցուցահանդէսի աշխատանքներու երկրորդ եւ վերջին օրերուն խումբ մը ազրպէյճանցի երիտասարդներ դրօշակներով շրջապատած են Արցախի տաղաւարը եւ փորձած են խափանել պատուիրակութեան աշխատանքները` փակելով մուտքը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տաղաւար:
«Ցուցարարներուն» մէջ եղած են նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներ: Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւններու պատուիրակութիւններու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է կասեցնել սադրանքը. կարճ ժամանակ ետք անվտանգութեան աշխատակիցները դուրս բերած են ազրպէյճանցի կարգազանց երիտասարդները:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահվերտեանի, որ այդ օրերուն կը ղեկավարէր Արցախի պատուիրակութիւնը Լոնտոնի ցուցահանդէսին, վերջին շրջանին միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսներուն մէջ ազրպէյճանցիներու նման սանձազերծ պահուածքը պայմանաւորուած է գլխաւորապէս ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած հակահայկական բանաձեւի ձախողումով:
«Խօսքը կը վերաբերի հոկտեմբեր 2014-ին Սամարղանտի մէջ տեղի ունեցած նշեալ կառոյցի գործադիր խորհուրդի նիստին ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած «բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ զբօսաշրջութեան քարոզչութիւնը կանխելու մասին» բանաձեւին: Նիստին ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ առաջարկուած վերոյիշեալ բանաձեւը ոչ մէկ երկրի կողմէ ընդունուած է: Իսկ ազրպէյճանական ցոյցերը նպատակ կը հետապնդեն ֆիզիքապէս անկարելի դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը միջազգային մեծ ցուցահանդէսներուն, սակայն ապարդիւն», նշած է Սերկէյ Շահվերտեան:
«World Travel Market» միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսը կը նկատուի մեծագոյն զբօսաշրջական իրադարձութիւնը, որուն ընթացքին հազարաւոր ընկերութիւններ եւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները կը ներկայացնեն զբօսաշրջութեան մարզին մէջ իրենց ներուժն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները:

