Նախագահ Սարգսեանի Ցաւակցական Հեռագիրը` Սուրէն Խանամիրեանի Մահուան Առիթով
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Խանամիրեաններու ընտանիքին` նախկին նախարար եւ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի մահուան առիթով:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, նախագահին ցաւակցական հեռագիրին մէջ ըսուած է. «Ցաւով տեղեկացայ լիբանանահայ քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչ, Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախարար եւ երեսփոխան, մեծ հայրենասէր Սուրէն Խանամիրեանի մահուան մասին:
«Իր երկարամեայ բեղմնաւոր եւ բազմաբովանդակ գործունէութիւնը Սուրէն Խանամիրեանը նուիրած է Լիբանանի զարգացման, հայկական կրթական աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանումին, իր նուիրուածութեամբ մեծապէս նպաստած է Հայաստան-Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման եւ խորացման:
«Սուրէն Խանամիրեանի` վաստակաշատ գործիչի եւ վառ անհատականութեան յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ:
«Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ձեզ, ձեր հարազատներուն եւ մերձաւորներուն եւ ամբողջ լիբանանահայութեան»:

