Հայաստանի Մէջ Պիտի Վերստեղծուի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը
Երէկ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ջերմուկի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ պիտի վերստեղծուի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
«Մենք պէտք է աստիճանաբար կանոնաւորենք կառավարման համակարգը, որովհետեւ 19 նախարարութիւնը շատ է Հայաստանի համար, քայլեր պիտի կատարուին անոնց վերամիաւորման համար: Արտակարգ իրավիճակներու եւ տարածքային կառավարման նախարարութիւնը մենք ապագային կը տեսնենք, որ պիտի ըլլայ ներքին գործոց նախարարութիւն, ինչպէս բազմաթիւ եւրոպական երկիրներու մէջ: Անոր մէջ կը մտնեն բազմաթիւ ծառայութիւններ», Աբրահամեանի խօսքերը մէջբերեց «Արմէնփրես»:
Նշենք, որ նախանցեալ օր կառավարութեան նիստին ընթացքին որոշուեցաւ Ազգային ժողովին ներկայացնել «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կառոյցի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծ մը, որ կ՛առաջարկէ միաւորել տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր նախարարութիւն ստեղծել` միջազգային համարկման եւ բարեփոխումներու:
Հայաստանի մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը 2002 թուականին վերակոչուեցաւ ոստիկանութիւն: 2013-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերընտրուելէն ետք մամուլը գրեց, թէ կարելի է, որ նոր կառավարութեան մէջ ոստիկանութիւնը եւ Ազգային ապահովութեան ծառայութիւնը միաւորուին, ինչպէս եղած է նախորդ դարու 90-ականներու աւարտին: Այն ժամանակ, նշենք, որ այդ կառոյցը կը ղեկավարէր Սերժ Սարգսեան:
«Ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգավիճակով շատ աւելի բարձր է պետական կառավարման դասակարգէն, քան ոստիկանութիւնը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ներքին գործոց նախկին նախարար Սուրէն Աբրահամեան:

