«ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՏՕՆԵԼ, ՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ այս հանգրուանին կը գտնուինք արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարական նոր տեսարանի մը առջեւ: Ան նկատել տուաւ, որ պէտք է օգտուիլ այս իրականութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել երկրին ժողովրդավարութիւնը եւ ամրապնդել Լիբանանի դերակատարութիւնը` երկխօսութեան իր փորձառութեամբ, համայնքային բազմազանութեան համերաշխութեամբ ու իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեամբ, որ ամբողջ աշխարհին համար օրինակելի տիպար մըն է:
Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:
Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ ժողովրդավարութիւնը կ՛ամբողջանայ քաղաքացիներուն իրենց աշխատանքի, կրթութեան եւ բժշկութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային իրաւունքները շնորհելով:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց բոլորին, որ չարտօնեն երկրին մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն իրենց ազդեցութիւնը ունենալու ժողովրդավարութեան եւ ընկերային կեանքին վրայ:
Միւս կողմէ, Ղոսըն շնորհակալութիւն յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուած է երկրին մէջ տիրող սղաճի երեւոյթը, ինչպէս նաեւ նախագահին ներկայացուց համադաշնակցութեան պահանջները, որոնք կը վերաբերին աշխատաւորներու կացութեան բարելաւման:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին պետական նախարար Ալի Քանսօ, կուսակցութեան նախագահ Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Մահմուտ Ապտել Խալեք, որոնց հետ քննարկեց երկրին ներքին քաղաքական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ուալիտ Սալման: