Չաւուշօղլու. «Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Բացառուած Է»
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, այլ հարցերու կողքին անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, յայտարարած է. «Մեր պապերն ու ժողովուրդը կը փորձեն մեղադրել ցեղասպանութեան մէջ, սակայն բացառուած է, որ մենք ճանչնանք զայն. ատիկա կ՛ընդգծեմ»:
«Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Փերինչեքի հայցը` նկատելով, որ Զուիցերիոյ որոշումը կ՛ոտնահարէ մարդու իրաւունքները: Զուիցերիան այդ վճիռը կը բողոքարկէ: Ֆրանսան եւ Հայաստանը այդ դատավարութեան կողմեր դարձած են: Մենք ալ այդ դատավարութեան կողմ ենք եւ կը հետեւինք ատոր ընթացքին», ըսած է Չաւուշօղլուն:
CATEGORIES Հայկական

