Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 10-րդ նիստին մասնակցելու համար: Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն շատ սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական մարմիններուն միջեւ եւ այդ առումով յատկապէս ընդգծած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ խորհրդարանականներու հետ նախորդ հանդիպումէն ետք բաւական ժամանակ անցած է, եւ այդ ընթացքին բազմաթիւ իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ ու անոր շուրջ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու բոլոր այն հարցերը, որոնք կը հետաքրքրեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` հերթական հանդիպման եւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան օրակարգի հարցերու քննարկումէն բացի, Հայաստանի եւ Արցախի համար այժմէական եւ կարեւոր հարցերու վերաբերեալ օգտակար տեղեկութիւններ հաղորդելու, ինչպէս նաեւ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իր գնահատականները ներկայացնելու պատրաստակամութեան համար: Հանդիպման սկիզբը Աշոտ Ղուլեան նախ ներկայացուցած է Երեւանի մէջ երէկ սկսած միջխորհրդարանական նիստին օրակարգային հարցերը, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին համոզումով, կ՛ընդգրկեն անցեալ նիստին յաջորդած ժամանակաշրջանի հրատապ բոլոր հարցերը: Անոնք, ըստ անոր, ներառուած են օրակարգի երկու հարցերու մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարաններու մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստերու, քննարկումներու եւ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններուն մէջ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ընթացող քննարկումներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւններու հաշուետուութիւններուն մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը նիստի ծիրին մէջ քննարկումներն ու տեղեկատուութեան փոխանակումը նկատած է երկուստեք օգտակար` գոհունակութեամբ նշելով, որ երկու հանրապետութիւններու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան վրայ կ՛աւելնան նոր եւ արդիւնաւէտ ձեւաչափեր, որոնք աւելի կը խորացնեն միջխորհրդարանական կապերը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրերուն խնդրանքով անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող ամէնէն կարեւոր հարցերուն, որոնց շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հոլովոյթին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին, սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ այլ հարցերու, նաեւ պատասխանած է խորհրդարանականները հետաքրքրող հարցումներուն: Տեսակցութեան աւարտին զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են, որ կայուն եւ ուժեղ Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գլխաւոր երաշխաւորն է: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան վստահեցուցած է, որ Արցախի խորհրդարանը իր լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ պիտի ընէ կարելին` Հայաստանի հետ կապերու յաւելեալ խորացման եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման ու բարօրութեան ուղղուած քաղաքական միասնական ուղեգիծի իրագործման համար:
Ղուլեան. «Մեզի Համար Անընդունելի Է Արցախի
Ճանաչման Այն Տարբերակը, Որ Հիմա Կը Փորձեն
Մտցնել Հայաստանի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ»
Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դիրքորոշումը` Հայաստանի կողմէ Արցախի ճանաչման կապուած, եւ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը ցանկա՞յ, որ Հայաստան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշած է. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը չի կրնար ուրիշ ըլլալ, քան մենք կ՛ըսենք միջազգային հանրութեան համար, որ Արցախը կը ձգտի միջազգային ճանաչման: Այս իմաստով միջազգային ճանաչման հարցը ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ քաղաքական իշխանութիւններուն համար լուրջ խնդիր է, որովհետեւ մենք ատիկա միասնաբար կ՛իրականացնենք»: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը յայտնած է, որ այդ հարցը քանի մը օր առաջ քննարկուած է Ստեփանակերտի մէջ, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ծիրին մէջ հարցը կը ներկայացնէր Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան: Ան կ՛առաջարկէր քննարկել որոշման նախագիծ մը, ըստ որուն, Հայաստան պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: «Ղարաբաղին ոչ ոք կրնայ ըսել, որ մենք դէմ ենք Ղարաբաղի ճանաչման: Այլ հարց է, որ այդ ճանաչումը ուրկէ՛ կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ: Տեսակէտ կայ, որ այդ ճանաչումը պէտք է ըլլայ միւս բոլոր երկիրներուն կողմէ, ապա վերջաւորութեան Հայաստանի կողմէ: Միջազգային ճանաչումը հոլովոյթ մըն է, որ արդէն սկսած է, եւ մենք տարբեր կտրուածքներով ունինք կարգ մը յաջողութիւններ, եւ ատիկա պէտք է շարունակուի: Մեզի համար անընդունելի է այն տարբերակը, որուն միջոցով ճանաչման հոլովոյթը հիմա կը փորձեն մտցնել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի օրակարգին մէջ: Մեզի համար ընդունելի է միայն մէկ տարբերակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքական ուժերը համաձայն կ՛ըլլան նաեւ այդ հարցը օրակարգ բերելու, եւ Ազգային ժողովը այդ հարցը կը քննարկէ` 131 կողմ քուէ ունենալով»: Լրագրողներու դիտարկման, թէ Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան մտահոգութիւնն է, որ դառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կրնայ մաքսակէտ դրուիլ, Աշոտ Ղուլեան պատասխանեց. «Մտահոգութիւնները միշտ ալ եղած են, բայց ունինք այն իրավիճակը, որ Հայաստան դիմում ներկայացուցած է եւ միացած Եւրասիական տնտեսական միութեան, եւ ատկէ ետք իրավիճակը չէ փոխուած, կը խորհիմ, որ չի ալ փոխուիր»:

