Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի 3-րդ Մրցումը Եւ 3-րդ Հաւասարութիւնը

Լեւոն Արոնեան

Լեւոն Արոնեան

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, կատարեց իր 3-րդ մրցումը եւ դարձեալ հաւասարութիւն մը արձանագրեց 3-րդ անգամ ըլլալով:

Ցարդ Ալեքսանտր Կրիսչուք միակն ըլլալով արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ ապահոված առաւելագոյն 3 կէտը: Վլատիմիր Քրամնիք իր տրամադրութեան տակ ունի 2 կէտ:

Այլ գետնի վրայ, հայրենի վարպետը 21-25 նոյեմբերին Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) պիտի մրցի ամերիկացի կրանտմասթըր Հիքարու Նաքամուրայի դէմ: Անոնք պիտի կատարեն 4 դասական եւ 16 կայծակնային մրցում:

Մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 100 հազար ամերիկեան տոլար, կը յայտնէ Armchess.am:

 

Share this Article
CATEGORIES