Հալէպի Մէջ Զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Պահակը
Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին դիմաց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած պայթուցիկ տակառի մը պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի պահակ Նազարէթ Մալճեանը (1965-ի ծնունդ): Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
Հանգուցեալին թաղմանական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:



