Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շատ լաւ գիտէք ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընել. զգուշացէք ձեր շուրջը գտնուող կեղծաւորներէն, որոնք ձեր յաջողութիւնը չեն ուզեր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործի մէջ հմուտ եւ աշխատասէր էք, սակայն ձեզի կը պակսի դիւանագիտութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարողութիւն ունեցող անձերը գնահատեցէք. դուք լաւ գիտէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ արժեւորուիլ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ բան է գնահատուիլը, սակայն արժանի պէտք է ըլլալ գնահատանքներու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր խորհուրդին պիտի դիմեն բարեկամներ, որոնք ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամ մը ձեզի կ՛ուզէ միանալ եւ ձեր կարծիքին պէտք ունի. ընդունեցէք զինք եւ օգտակար եղէք իրեն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յարգեցէք ձեր յանձն առած պարտականութիւնները, որպէսզի կարենաք պատնէշի վրայ մնալ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հետաքրքրուեցէք ձեր զաւակներուն աշխատանքով եւ անոնց մէջ ընթերցանութեան սէրը արթնցուցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յայտնեցէք ձեր փափաքները, որոնք պիտի իրականանան, փափաքիլը իրականութեան կը տանի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր շրջապատի մարդոց հետ դիւրութեամբ կրնաք կապ պահել. շատ ընկերային էք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ մղում տուէք ձեր գործունէութեան, ձեր ճիգերը արդիւնք պիտի տան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործը դանդաղ կ՛ընթանայ, եւ դուք գոհ չէք այդ վիճակէն, պզտիկ մղում մը եւ ամէն բան կը փոխուի ու կը կանոնաւորուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES