50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1964)

Որքա՞ն Է Մեծ Եղեռնի Մեր Զոհերուն
Հաւանական Թիւը

Նուազագոյնը 1,818,000 Կը Հաշուուի

Հարկաւ ճշգրիտ թիւը նահատակներու ոչ մի կերպ կարելի չէ ստուգել: Միակ ուղիղ ճանապարհն է ճշդել, թէ 1915 թ. յունուարին որքան հայութիւն գոյութիւն ունէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, եւ որքա՞ն մնաց` 1919 թ. Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք:

Ես կը կարծեմ, որ ամենահաւաստի եւ ճշգրտապատում թիւերն ամբողջ հայութեան կրնայ մեզի տալ Պոլսոյ երբեմնի Մաղաքիա արք. Օրմանեանի «Հայոց եկեղեցի» հեղինակութիւնը։

Ըստ Մ. արք. Օրմանեանի յիշեալ հեղինակութեան (էջ 216), ունեցած ենք հետեւեալ թիւերը.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն.- Եկեղեցիք` 224. հայադաւանք` 279,000, կաթոլիկք` 17,000, բողոքականք` 16,200, ընդամէնը` 312,200:

Աթոռ Աղթամարայ.- 104 եկեղեցիք, հայադաւանք` 95,000, բողոքականք` 500, ընդամէնը` 95,500:

Աթոռ Երուսաղէմի.- Եկեղեցիք` 18, հայադաւանք` 7000, կաթոլիկք` 500, ընդամէնը` 7,500:

Աթոռ Կոստանդնուպոլսոյ.- Եկեղեցիք` 1611, հայադաւանք` 1,460 հազար, կաթոլիկք` 67,500, բողոքականք` 24,850, ընդամէնը` 1,552,450:

Ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եկեղեցիք` 1957, հայը` 967,650: Առանց կաթոլիկներու եւ բողոքականներու` հայութեան թիւը եղած է 1,841,000:

Ինծի կը թուի, որ ամբողջ հայութեան թիւը պէտք է նկատի առնենք, որովհետեւ թուրքերու համար յարանուանութիւնք գոյութիւն չունէին, այլ հայեր, Ուրֆայի եւ Մուսատաղի հերոսամարտերուն կը մասնակցէին բոլոր հայերը: Նահանջի օրերուն Մուսատաղի շրջանի կաթոլիկներն ամբողջութեամբ կոտորուեցան թուրքերու կողմէ:

Արդ, խնդիր է` ե՞րբ երջանկայիշատակ Օրմանեան սրբազանն իր գիրքը` «Հայոց եկեղեցի» գրած է: Իր ֆրանսերէնն, որ ամէնէն առաջ հրատարակուած է Փարիզի մէջ, տպագրութեան յանձնուած է, ինչպէս կարելի է կռահել ուսուցչապետ Պերթրան Պարէյլի «յառաջաբանէն» գաղիերէն հրատարակութեան մէջ, 1910 թ. յունիս ամսուն:

Հայերէնն ալ տպագրութեան յանձնուած է 1911 թ. ապրիլ 2-ին: Ուրեմն հայերէնն ալ 1910 թ. վերջերս պատրաստ էր արդէն եւ այդ օրերուն հայութեան թիւն էր մէկ միլիոն 916 հազար: Այս թիւը մինչեւ 1915 թ. յունուարն անփոփո՞խ մնաց: Չէ՞ որ գոյութիւն ունի ազգերու աճը, հապա այս թիւը չմեծցա՞ւ: Հարկա՛ւ մեծցաւ: Հարց է` ի՞նչ տոկոսով:

Այսօրուան Հայաստանին մէջ 1960-1963 թ. աճը 3 մէկ չորրորդ առ հարիւր է: Երբ Խորհրդային Միութեան մէջ նոր տնտեսական քաղաքականութիւնը (Նէպը) կը տիրէր, ազատ առեւտուր եւ այլն, այն ժամանակ Հայաստանին մէջ 7 առ հարիւր էր աճը: Վերջերս, նկատի առնելով բնակարանային ծանր տագնապն ինչպէս ամբողջ Ռուսիոյ մէջ, նաեւ Հայաստանում, ծննդաբերութիւնն  արհեստականօրէն նուազած է: Թուրքահայաստանին մէջ 1910-1914 թ. վերջերը սահմանադրութեան շրջանն էր, որոշ ազատութիւն կը տիրէր, պանդուխտներն Ամերիկայէն, Եւրոպայէն եւ այլ գաղթավայրերէն վերադարձած էին եւ աճն այդ թիւերուն համար չափազանցութիւն չէր լինի, եթէ մօտ 5 առ հարիւր հաշուելու ըլլանք, որով ամէն տարի մօտ երկու միլիոն հայութիւնը հարիւր հազար անձի աճում կ՛ունենար: 1910-1915 թ. սկիզբ 5 տարիներու ընթացքին մենք յաւելում կ՛ունենանք կէս միլիոն անձի: Ուրեմն 1915 թ. յունուարին տաճկահայութեան թիւը ոչ թէ մէկ միլիոն 968 հազար պիտի հաշուել, այլ` 2,168,000:

Ահա այս թիւէն է, որ, իմ համեստ կարծիքով, պիտի հանել երկու հարիւր հազար իրենց բնակավայրերուն մէջ մնացած, 250 հազար Կովկաս գաղթողները, կեդրոնացման վայրերու կամ արաբական աշխարհին մէջ ասպնջականութիւն գտած երկու հարիւր հազարը: Ընդամէնը` 650 հազար: Այս թիւն, եթէ հանելու ըլլանք 2,468,000-էն, կը մնայ 1,818,000: Ահա այս է մեր զոհերու նուազագոյն թիւը Մեծ եղեռնի օրերուն:

250 հազար Կովկաս գաղթողներէն ալ առնուազն յիսուն հազար հայութիւն զոհ դարձան տարափոխիկ հիւանդութեանց եւ սովամահութեան: Այս թիւն ալ Ատանայի 50,000 յօշոտուած հայութեան թիւին հետ` պէտք է գումարենք 1,818,000 զոհերուն հետ, որ պիտի կազմէ մէկ միլիոն 918 հազար:

Մենք հայերս միշտ պնդած ենք, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ ընդհանուր հայերու թիւն եղած է հինգ միլիոն: Ըստ երջանկայիշատակ Օրմանեան սրբազանի, «Հայոց եկեղեցի» գրքի «Ռուսահայերու, պարսկահայերու թիւն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայութեան հետ միասին եղած է` եկեղեցիք` 1650, հայադաւանք` 1,792,000, կաթոլիկք` 60,400 եւ բողոքականք` 7500, ընդամէնը` 1,859,900: Այս թիւին եթէ գումարելու ըլլանք հինգ տարիներու աճը հինգ առ հարիւրով` 465,000, կ՛ունենանք 2,324,900, որուն վրայ գումարելով թուրքահայերու 2,468 հազար թիւը` կ՛ունենանք հազիւ 4,792,900, հինգ միլիոնէն դարձեալ 207,100 պակաս:

Ա. Ա. ՔՀՆՅ. ՍԻՄԷՈՆԵԱՆՑ

 

 

Share this Article
CATEGORIES