Անապատի Մեղեդիներէն Մինչեւ Աշնանային Համանուագ
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Աշնանային քնքշութիւն
Բազմաթիւ ու բազմատեսակ արուեստագէտներ, աւելի ճիշդը` արուեստով զբաղողներ, յատուկ որոշումով, ուսումնասիրութիւններով ու երբեմն նոյնիսկ երկարատեւ աշխատանքով փորձած են ու կը շարունակեն փորձել ինքնատիպ ու գրաւիչ ոճի արհեստական կաղապարման, քաջ իմանալով, որ ինքնատպութիւնը կենսական բանալի է յաջողութեան: Անոնք առհասարակ չեն յաջողած ու չեն յաջողիր, որովհետեւ ինքնուրոյնութիւնը կը փնտռեն իրենցմէ դուրս` արտաքին աշխարհի ձեւականութեան մէջ, անտեսելով ներաշխարհի խորքայինը, որ գրաւականն է սեփական ես-ի բացայայտման ու դրսեւորման:
Նոյն տրամաբանութեամբ, դժուար թէ գեղանկարիչ մը կարողանայ ի մի բերել Եգիպտոսի կիզիչ, անապատային ու միագոյն աւազուտներն ու Քանատայի աշնանային, զով ու երփներանգ բնութեան տպաւորութիւններն ու արտայայտչաձեւերը, ու անցընելէ ետք զանոնք իր հոգեմտաւոր պրիսմակէն, դրսեւորել կտաւի վրայ իբրեւ ուրոյն ու գրաւիչ ոճ ունեցող ստեղծագործութիւն: Փաստօրէն, եթէ ան ի վերուստ օժտուած չըլլար արուեստագէտի համապատասխան խառնուածքով ու տաղանդով, պիտի չյաջողէր:
Այս բոլորը ի յայտ եկան ու բացայայտուեցան Պերճ Չաքէճեանի արուեստին մէջ` ենթագիտակցաբար ու տարերայնօրէն:
Ինչո՞ւ:
Նախ անոր համար, որ ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ իր ծնողները որոշած էին, որ ինք գեղանկարիչ դառնայ, այլ պարզապէս 1939-ին ծնած էր արուեստագէտի խառնուածքով էակ մը, Գահիրէի մէջ, Եղեռնէն ճողոպրած ընտանեկան համեստ յարկի մը տակ: Փոքր տարիքէն բացառիկ սէր կը ցուցաբերէ գեղանկարչութեան հանդէպ: 1957-ին աւարտելէ ետք Գահիրէի Ֆրանսա-եգիպտական երկրորդական վարժարանը, զինք կ՛ուղարկեն «Լէոնարտօ տա Վինչիի անուան գեղարուեստից ուսումնարանը, ուր բախտը կ՛ունենայ աշակերտելու յայտնի արուեստագէտներ Ամետէօ Թրեւիսոննոյի եւ Սայէտ Ապտել Ռասուլի: Ան իր մանկապատանեկան կեանքը անցուց Գահիրէի մարդաշատ ու նեղլիկ փողոցներուն մէջ, ուր կեանքը քարշ կու գար դժուարութեամբ ու կարգ մը պարագաներու` դաժանութեամբ: Նոյն ժամանակաշրջանին, տարբեր առիթներով կ՛այցելէր անապատ, ուր չոր ու կիզիչ արեւուն տակ սլացող բուրգերը, սֆինքսերն ու առհասարակ հին եգիպտական արուեստը իրենց վեհութեամբ ու կոթողայնութեամբ կը տպաւորեն ու կը լիցքաւորեն իր մատղաշ բանաստեղծական հոգին:

Ջուրի գլգլոցը
Տաք, միագոյն ու անծայրածիր անապատներու եւ Գահիրէի եռեւեփող կեանքի տպաւորութեան տակ իրագործուած եգիպտական շրջանի անոր ստեղծագործութիւնները կը բաղկանան դիմանկարներէ, անկենդան բնութիւններէ եւ քաղաքային հնատիպ փողոցներէ առնուած տեսարաններէ, ուր մարդը արժեւորուած է իբրեւ բանական էակ` իր միջավայրով ու դրական յատկութիւններով: Ան Գահիրէի մէջ քանի մը անգամ ցուցադրուելէ եւ որոշ գնահատանքներ ստանալէ ետք, 1966-ին կը մեկնի Քանատա, Մոնրէալ, ուր մնայուն բնակութիւն կը հաստատէ: Հոն զարմանալիօրէն տասնեակ տարիներ ստեղծագործական գետնի վրայ կը վարէ ամուլ կեանք մը: Թէեւ Քանատան իր կենցաղով, կլիմայով ու վարք ու բարքով ճիշդ հակապատկերն էր Եգիպտոսի, սակայն դիւրութեամբ մերուեցաւ քանատական կեանքին: Սիրեց երկիրը, նոյնի՛սկ ընտելացաւ ցուրտին հետ եւ այնուհետեւ սիրահարեցաւ ու իր սփոփանքը գտաւ Քեպեքի գեղեցիկ բնութեան, ի մասնաւորի աշնանային գեղեցկութեան մէջ: Ան թէեւ սկզբնական շրջանին չէր ստեղծագործեր, սակայն յաճախ կ՛այցելէր թանգարաններ, պատկերասրահներ ու ցուցասրահներ, ուր կ՛ուսումնասիրէր ժամանակակից արուեստը` իրեն ընկեր ունենալով ժամանակակից արուեստի եւ գեղագիտութեան վերաբերող հրատարակութիւններ ու պատկերագիրքեր: Բնութիւնը իր տարերքն էր, աշնան յաճախ իր ազատ ժամերը կ՛անցընէր անտառներու եւ դաշտերու մէջ, ուր երփներանգ տերեւաթափը մեղմ զեփիւռի տակ բոցավառ գուներանգներու տպաւորութիւն կը ստեղծէին: Որովհետեւ ինք ծնած էր ստեղծագործելու համար, իր մէջ արտայայտուելու մղումը բուռն էր ու անդիմադրելի, իր կողակիցին` Նայիրիին քաջալերանքով գեղեցիկ օր մը, 1994-ին, դարձեալ վրձինը կը վերցնէ ու կը սկսի ստեղծագործել: Արդէն իսկ տասնեակ տարիներ անցած էին եգիպտական շրջանէն, ինք հասունցած էր իբրեւ մարդ, կազմաւորուած էր իբրեւ ինքնուրոյն լեզուամտածողութեան տէր մտաւորական. ու կեանքն ու արուեստը կը ճանչնար շատ աւելի:
Կարճ ժամանակի ընթացքին, տարի մը ետք, իր գործերը կը ցուցադրուին Մոնրէալի «Սալոն տէ կալըրի տ՛արթ» ցուցասրահին մէջ ու կ՛արժանանայ ջերմ ընդունելութեան ու բարձր գնահատանքներու: Զարմանալին այն էր, որ ան առանց մասնաւոր ստեղծագործական ճիգի եւ եղափոխութեան` արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ բոլորովին նոր ու ինքնատիպ ոճով մը, ուր ի յայտ կու գար իբրեւ արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած ու հասուն արուեստագէտ: Այնուհետեւ Պերճ Չաքէճեանին ստեղծագործական յաջողութիւնները կը յաջորդեն իրարու, կը սկսի ցուցադրուիլ քանատական շարք մը ցուցասրահներու մէջ ու մասնակցիլ մրցոյթ-ցուցահանդէսներու: 1999-ին կ՛արժանանայ CAPSA-ի «Prize of Excellence»-ի յայտնի մրցանակին: Անոր գործերը դուրս գալով Քանատայի սահմաններէն` կը ցուցադրուին նաեւ Նիւ Եորքի, Մոնաքոյի, Փարիզի եւ Պէյրութի միջազգային ցուցահանդէսներուն: Ընթացքին իր գեղանկարներէն երկուքը իբրեւ գիրքի շապիկի նկարազարդում` օգտագործուած են Փարիզի «Պելֆոնտ» հրատարակչատան կողմէ: Բացի հայկական բազմաթիւ թերթերէ` անոր արուեստին անդրադարձած են նաեւ օտար արուեստի հրատարակութիւններ, ինչպէս` «Մակազին տ՛արթ», «Պ. Տայճեսթ», «Մակազին Փարքուրզ» եւ այլն:

Կապտականաչ մրգամանը
Եթէ եգիպտական շրջանի Պերճ Չաքէճեանին արուեստը թաթաւուն էր տպաւորապաշտութեամբ, ապա քանատական շրջանի անոր ստեղծագործութիւնները կը մտնեն գերիրապաշտական ոլորտներու մէջ, ուրկէ ուղիղ գիծը գրեթէ կը բացակայի ու տեսարանները, նաթիւրմորթերն ու կերպարները իրագործուած են կոր ու կլոր կերպերով ու գիծերով: Անոր բնանկարները, ուր ծառերը իրենց կենսական տեղը կը գրաւեն, անծայրածիր են ու տեղ մը երբեմն էրոթիք բնոյթ ունին: Ի դէպ, անոր էրոթիզմը դրսեւորուած է յատկապէս կին կերպարներու մէջ, որոնք թէեւ գռեհկութենէ հեռու, հոլանի, վաւաշոտ ու երբեմն նաեւ կրքոտ վիճակներ կը պարզեն, սակայն բարի են, վեհանձն ու վսեմ. իսկ յաճախ ալ մայրանալու ընդունակ պարմանուհիներ են պարզապէս: Գոյները տաք են, պայծառ, եգիպտական անապատներու նման եւ երփներանգ, կենսունակ, ներդաշնակ ու գեղեցիկ` Քանատայի աշնան տեսարաններուն նման, ուր դրսեւորուած կը թուի ըլլալ նաեւ թեթեւ զեփիւռի տակ շարժող գունագեղ տերեւներու բոցավառ հմայքը:
Չաքէճեանին գերիրապաշտութիւնը հեռու է Շակալի, Մարքս Էրսթի եւ կամ Սալվատոր Տալիի երազներէն ու մղձաւանջներէն: Իր մօտ տուայտանքները կան, սակայն անդոհանքը չկայ. մտահոգութիւնը կայ, սակայն յուսահատութիւնը չկայ, գոյատեւման մարտահրաւէրը կայ, սակայն անձկութեամբ լի խուճապը կը բացակայի: Երեւակայութիւնը կայ, սակայն ծայրայեղ ու արհեստական ձգտումները չկան: Իր մարդասիրական (յատկապէս կնոջական իրաւունքները պաշտպանելու ծիրէն ներս) բովանդակութեամբ յագեցած կտաւներու պարագային, երբեմն նոյնիսկ երգիծական տարրեր կը նշմարուին ու ժպիտ կը յառաջացնեն: Ան լաւատեսութեամբ հետամուտ է պատկերելու եւ դրսեւորելու գեղեցիկը, բարին ու վսեմը, մարդու` անոր շրջապատի եւ օգտագործած առարկաներու ընդմէջէն:
Վերջին շրջանի անոր ստեղծագործութիւնները աստիճան մը աւելի կը բարձրանան ու գերիրապաշտութիւնը կ՛օժտեն անհեթեթի զգացողութեամբ, որ տարերայնօրէն կը բխի երկրագունդի մերօրեայ կեանքի տագնապներէն ու ապագայի անորոշ ու մտահոգիչ վիճակներէն:
Ի դէպ, Պերճ Չաքէճեան պարբերաբար իր գործերէն նուիրած է հայ եկեղեցիներու եւ այլ հաստատութիւններու: Այս անգամ ան Մոնրէալի Համազգայինի «Սանահին» ցուցասրահի մէջ դեկտեմբերի առաջին կիսուն կայանալիք անհատական ցուցահանդէսին ամբողջական եկամուտը կը նուիրէ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի բարեզարդման ֆոնտին: Հոգեւոր ծիրէն ներս ան իրագործած է նաեւ ժամանակակից ոգիով թելադրուած կարգ մը սրբանկարներ, որոնք արժանի են առանձին վերլուծման եւ մեկնաբանման:
Պերճ Չաքէճեան արդէն իսկ կայացած եւ ինքնուրոյն արտայայտչաձեւերու տէր գեղանկարիչ է: Անոր արուեստին բովանդակութիւնն ու ոճային եղափոխութիւնը զինք կ՛առաջնորդեն դէպի առաւել բիւրեղացում եւ հասունացում: