118 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական Պատանիի Իրենց Խոստումը. «Պատանիի Օր»-ուան Հանդիսութիւն, Նուիրուած` Սուլուխի Կռիւին
«Կտրիճ Գէորգ Չաւուշ դամբանէն վեր կաց,
Մշոյ սէգ սարերէն նորէն իջիր ցած,
Տարօնի քաջերն են մենակ մնացեր,
Ազատութեան սիրոյն կռիւ են բացեր»:
Սուլուխի կռիւին ֆետայական սխրանքներն ու անոր հերոսական օրինակները իմաստաւորող յայտագիրի մը ընդմէջէն, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութիւն` կիրակի, 9 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Հայաստանեան եւ լիբանանեան քայլերգներէն ետք, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, պատանեկան միութիւններուն եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան, տհոլի եւ շուիի վրայ հայրենասիրական եւ յեղափոխական փունջ մը երգեր հրամցուցին «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Սագօ Եագուպեան եւ Արամ Տաղլեան: Ապա, Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Մարօ Մարգարեան, որ վեր առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն դերը երէկ եւ այսօր` իրաւատէր սերունդներ պատրաստելու մէջ: «Երէկ մեր պատանեկան միութիւններէն հերոսներ ծնած են եւ այսօր նորերը պայքարի ջահը փոխանցելու գործը պէտք է կատարեն դաշնակցական կամքով ու խիզախութեամբ», ըսաւ Մարգարեան: Անդրադառնալով Սուլուխի կռիւի դաստիարակիչ արժէքին` Մարգարեան կոչ ուղղեց պատանիներուն տոգորուելու այս արժէքով եւ նման շունչով շարունակելու իրենց ամէնօրեայ աշխատանքները: «Պատանինե՛ր, մեծ գործ ունիք կատարելիք: Դուք` իբրեւ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, պէտք է տէր կանգնիք հայ ազգի իրաւունքներուն ձեր ամէնօրեայ աշխատանքներուն մէջ ըլլալով պարտաճանաչ, վճռակամ ու չյուսահատող», եզրափակեց ան:

Մակալի Թոմասեան

Մարօ Մարգարեան
Բացման խօսքին յաջորդեց Յովհաննէս Շիրազի «Նուէր սփիւռքի հայութեան» կտորի ասմունքը` «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Նաթալի Մարգարեանի մեկնաբանութեամբ: Ապա, պատանիներու խօսքը փոխանցեց «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութենէն Մակալի Թոմասեան, որ անդրադարձաւ Սուլուխի կռիւի բարոյական դասերուն` զոհաբերութեան, նուիրումին, անվախութեան, յարատեւութեան, եռանդին ու կարգապահութեան: Թոմասեան անհրաժեշտ նկատելով այս առաքինութիւններուն գործադրութիւնը պատանեկան առօրեայ աշխատանքներուն մէջ ըսաւ. «Հոս հարկ է յիշել հրամանատար Ռուբէնի հրահանգը` «եթէ մեռնիք, կամուրջին վրայ պիտի նահատակուիք եւ ձեր դիրքը բնաւ պիտի չլքէք»: Մենք ալ, հայ պատանիներս, օրինակ քաղելով հայ ֆետայիներու այս անվախութենէն, կարգապահութենէն եւ վճռակամութենէն, պէտք է նոյն օրինակները ի գործ դնենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ»:
Ձեռնարկի գեղարուեստական երկրորդ բաժինով, ներկաները ապրեցան 27 մայիս 1907-ի դէպքերն ու անոնց ստեղծած հոգեվիճակը: Այսպէս, խումբ մը պատանիներ բեմականացուցին Սուլուխի կռիւէն հատուածներ` յեղափոխական երգեցողութեան ընկերակցութեամբ: «Գէորգ Չաւուշի յիշատակին», «Արդեօք ովքեր են», «Բարի արագիլ» եւ նման յեղափոխական երգեր գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը:
Յայտագիրին յաջորդեց Ընդհանուր վարիչ մարմինի «ARF Badani» բջիջային անվճար նոր ծրագիրի հրապարակաւ յայտարարութիւնն ու սահիկներու ներկայացումը, որ կատարեց «Աղբալեան» պատանեկան միութենէն Շահէն Արապօղլեան: Ներկաները տեղւոյն սրահին մէջ սարքաւորուած համացանցի դրութիւնը օգտագործելով եւ հետեւելով սահիկներուն մէջ տեղ գտած բացատրութիւններուն, ծանօթացան «Այսօրուան պէս», «Ազդեր», «Դէպքերու եւ դէմքերու որոնում», «Դիմատետր» եւ «Մեր մասին» ծրագիրի զանազան բաժիններուն:
Ձեռնարկին վերջին բաժինով, տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի օր»-ուան իւրայատուկ մթնոլորտի եզրափակումը 118 պատանիներու խոստման արարողութիւնն էր: Համբիկ Պիլալեանի կնքահայրութեամբ, պատանիները խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ կատարեցին պատանիի իրենց խոստումը եւ կոչուեցան «Գէորգ Չաւուշի սերունդ»: Պատանիներուն եւ ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով` Պիլալեան վեր առաւ «Պատանիի օր»-ուան խորքային իմաստը` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան օր, մտքի ու զէնքի հերոսներու դիմագիծը վերանորոգող օր եւ դաշնակցական ոգեկան հարստութիւններով վերանորոգուելու հրամայական մարտահրաւէր: «Պէտք է խոստովանիլ, որ նման առիթներ նաեւ պարտաւորեցնող են բոլորիս համար, չափահաս թէ երէց սերունդի ընկերներ, որոնք կոչուած են դաստիարակելու, դաշնակցական արժէքներով սնուցանելու, աւելի՛ն, տիպար օրինակ դառնալու եւ խրախուսելու պատանեկանի եւ երիտասարդականի մեր շարքերը»: Շարունակելով իր պատգամը` Պիլալեան վերարժեւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան մտաւորականներու եւ ֆետայիներու նկարագրային ցայտուն կէտերը, որոնցմով ան կոչ ուղղեց պատանիներուն վերանորոգուելու, ներշնչուելու եւ դառնալու ստեղծագործ, չարքաշ, հայրենասէր պատանիներ ու ապագայ տիպար ղեկավարներ: «Թոյլ տուէք խոնարհիլ ձեր այս խոստման արարողութեան դիմաց, որովհետեւ, հետագայ տարիներու թաւալքին հետ, մենք կրնանք ձեզի հետ չըլլալ, եւ վստահաբար ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի կատարէ իրեն վստահուած գործն ու դաշնակցականավայել արարքը», եզրափակեց ան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:
Նշենք, որ ներկաներուն բաժնուեցան պատանեկան միութիւններու աշխատանքները ծանօթացնող քարոզչական յատուկ պրոշիւրներ, ինչպէս նաեւ բջիջային նոր ծրագիրը բացատրող բացիկներ:

