Ապտուլ Համիտ Բ.-ի 11 Ժառանգորդներ Մուսուլի Եւ Քերքուքի Մէջ Սուլթանին Հողերը Կը Պահանջեն

Կալաթասարայ կղզին
«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ըստ մասնագէտներու նախնական քննութեան, իրենք զիրենք Օսմանեան կայսրութեան Ապտուլ Համիտ Բ. սուլթանի իբրեւ ժառանգորդ ներկայացող 32 դիմողներէն 11-ը հաւանաբար ճշմարտութիւնը կը խօսին, ինչ որ կրնայ ճամբան հարթել սուլթանին ժառանգութիւնը, ներառեալ` Պոլսոյ մէջ շարք մը պալատներու եւ հրապարակներու, ինչպէս նաեւ Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ քարիւղի դաշտերու վերատիրացման պահանջներու:
Վերոնշեալ 32 անձերը հինգ տարի առաջ դատական հարց յարուցած են` պահանջելով իրենց ժառանգը: Հարցը փոխանցուած է երեք անդամներէ (պատմաբան մը, իրաւաբան մը եւ օսմաներէնի թարգմանիչ մը) բաղկացած խումբի մը, որ պատրաստած է իր նախնական զեկուցումը, ըստ որուն, դիմում ներկայացնողներէն 11-ը սուլթանի հաւանական ժառանգորդ կը նկատուին:
23 հոկտեմբերին դատարան ուղարկուած զեկուցումը կը բովանդակէր սուլթանին բոլոր զաւակներուն անունները:
Ըստ ժառանգորդներու փաստաբաններ Պիւլենթ Կէօրկիւրի եւ Իւմիթ Եըլմազի, 12 փետրուար 2015-ին նախատեսուած իր յաջորդ նիստին ընթացքին դատարանը կրնայ ժառանգի ճշդում պահանջել: Անոնք նաեւ նշած են, որ սուլթանը կալուածներ ունէր Թուրքիոյ, Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ:
1924-ին որդեգրուած օրէնք մը կ՛արգիլէ պահանջել սուլթանին կալուածները, որովհետեւ անոնք կը պատկանին պետութեան: Սակայն փաստաբանները կը նշեն, որ Ապտուլ Համիտ Բ. 1924-ին սուլթան չէր եւ մահացած է 1918-ին: Պոլսոյ մէջ պահանջուած կալուածներէն են Քարպաթաշ հրապարակը, Տոլմապահչէի մէջ պուրակ մը եւ Պոսփորի մէջ Կալաթասարայ կղզին:

