«Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Ընդհանուր Շրջագիծը Գծելու Առիթ Գոյութիւն Ունի» Ըսաւ Զարիֆ
Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները երէկ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ վարեցին: Իրանեան աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնեց, որ եռակողմանի հանդիպումէն առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարին միջեւ երկկողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցած է:
Զարիֆ այս թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման արգելքը նկատեց քաղաքական կեցուածքները` աւելցնելով, որ այժմ համաձայնութեան ընդհանուր շրջագիծը գծելու առիթ գոյութիւն ունի, իսկ Արեւմուտքը պէտք է գիտակցի, որ պատժամիջոցները խնդիրին մէկ մասն են:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի իր կարգին յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրուած է: Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի իր կարգին նշեց, որ եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա թերացող կողմը Ուաշինկթընն է: Ան չբացառեց, որ Օմանի մէջ «որոշ համաձայնութիւն մը» գոյանայ, սակայն աւելցուց, որ վստահաբար ամէն ինչ Մասքաթի մէջ պիտի չլուծուի:
Աւելի ուշ «Սքայ նիուզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց մէջ երկու կողմերուն միջեւ վիհը տակաւին մեծ է:
Օման Թեհրանի Եւ Ռիատի Միջեւ
Մերձեցում Կը Կատարէ
Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուի յայտնեց, որ Իրանի հետ Ծոցի երկիրներուն ունեցած խնդիրներուն մեծամասնութիւնը շրջանային հարցերուն մէջ տարակարծութիւններ են` աւելցնելով, որ Իրանի նման երկրի մը նկատմամբ թշնամանքը Ծոցի արաբներուն շահերէն չի բխիր եւ ներկայ իրադարձութեանց լոյսին տակ հսկայական վնասներ կը պատճառէ:
Ան նշեց, որ Օման Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ մերձեցում կատարելու դերակատարութիւն ստանձնած է եւ առնչակից երկու կողմերը կ՛ողջունեն այդ դերակատարութիւնը:

