Ամերիկեան Բանակը Պաղտատիի Սպանութիւնը Չի Հաստատեր. Դաշնակից Ուժերու Ռմբաձիգները Հարուածած ԵՆ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարներու Ժողովատեղին
Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներու ռմբաձիգները հարուածած են Մուսուլի մօտ գտնուող ժողովատեղի մը, ուր ժողով կը գումարէին ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարները:
Ամերիկեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ չի կրնար հաստատել, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի այդ ժողովին մասնակից էր, աւելցնելով, որ ուրբաթ օր տեղի ունեցած օդային այդ հարուածներուն պատճառով խմբաւորման 10 մեքենաներ քանդուած են:
Ապահովական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ այդ հարուածներուն պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի շարք մը ղեկավարներ սպաննուած ու վիրաւորուած են: Ըստ Իրաքի Անպար նահանգի խորհուրդի նախագահ Սապահ Քարհութի, սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի երկու ղեկավար դէմքեր, սակայն Պաղտատի անոնց շարքին չէ: Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Պաղտատի ծանր վիրաւոր է:
Միջազգային լրատու գործակալութիւններ երէկ աւելի ուշ հաստատեցին Պաղտատիի վիրաւորուելուն լուրը:
Միւս կողմէ, քիւրտ զինեալները Արաբ Բունարի Հուրիյէ հրապարակին մօտ երեք նոր թաղամասեր ազատագրեցին, մինչ քաղաքի հարաւային կողմը տեղի կ՛ունենան բախումներ, որոնց ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի երկու մեքենաներ քանդուած են, իսկ 12 զինեալներ` սպաննուած:
Նշենք, որ Արաբ Բունարէն արձակուած շարք մը ռումբեր երէկ ինկան Թուրքիոյ հողամասերուն վրայ:

