Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց հրաժարելու ծայրայեղութեան դէմ պայքարին մէջ չափաւորական ըլլալէ եւ շեշտեց հաւատադրժողական շարժումներուն ծանր հարուած մը հասցնելու կարեւորութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը բացարձակ չարիք մըն է, որ ոչ մէկ համայնքի կամ յարանուանութեան շահ կրնայ ապահովել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ լիբանանեան ընկերութեան սպառնացող երեք հիմնական հարցերն են անիրաւութիւնը, աղքատութիւնն ու տգիտութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց, որ Շեպաայի ապահովական կայունութեան յանձնառու անձնաւորութիւնները հեռու մնան գրգռութիւններ հրահրելու ճիգերէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը կը ջանայ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին ընդմէջէն քաղաքական իր կարողութիւնները բարելաւել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ օրինական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի քաղաքական անձնաւորութիւններու, որոնք զինք դէպի ապահով վայրեր կ՛առաջնորդեն եւ զիրար կը ճանչնան:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ օժանդակել անոր` զէնքով, զինամթերքով եւ անոր շարքերուն զինուորագրուելով:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանան կենսոլորտի առումով լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ` սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ Լիբանանը իր հեղինակութիւններէն պարպելու քայլերը մեզի դէպի անորոշութիւն կ՛առաջնորդեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Պարաքաթ մերժեց դէպի Լիբանան սուրիացի վիրաւորներուն մուտքը, ի՛նչ ալ ըլլան տիրող պայմանները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը երկրին քաղաքական եւ ժողովրդավարական հոլովոյթը ծանր հարուածի ենթարկած է:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Քապալան Քապալան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով թիրախ է, որովհետեւ անիկա երկրին միասնականութեան եւ համերաշխութեան վահանն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին կացութիւնը լուրջ բուժման կարիքը ունի:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Հըզպալլա վաճառած է Լիբանանը, արաբները եւ Պաղեստինը եւ ինքզինք զետեղած է Իրանի տրամադրութեան տակ` սպանութիւններ եւ ահաբեկչութիւններ գործելով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ լիբանանցի ժողովուրդին որոշումին եւ նկատի ունենալ անոր փափաքները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենք լրջօրէն կը ծրագրեն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը բողոքարկել` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել` մերժելով անոր նշանակումը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Արքուպի մէջ կացութիւնը բռնկեցնելու համար:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, տիւրզի ղեկավարութիւնները պիտի արգիլեն, որ Ժապհաթ Նուսրայի վիրաւոր զինեալները բուժուին Արքուպի հիւանդանոցներուն մէջ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր այսօր պիտի վերսկսին նախագահական ընտրութեան առումով իրենց նախաձեռնութիւնը վերաշխուժացնել:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ «Խալիժ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ իրենց ուղղուած երկխօսութեան առաջարկին հետ իրենք կատարեալ լրջութեամբ կը վարուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը փափաքի լիբանանցիներուն միջեւ գրգռութիւններ հրահրել եւ պատերազմ բռնկեցնել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ զգուշացուց ահաբեկիչները Արքուպի եւ Ռաշայայի շրջանները փոխադրելու քայլերէն:

