Պասիլ Այցելեց Արեւմտեան Պեքաա

Ժըպրան Պասիլ

Ժըպրան Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Արեւմտեան Պեքաա:

Խըրպըթ Անաֆարի մէջ Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է ազգային համերաշխութիւնը շրջանցեն եւ զայն վերածեն համակեցութեան` ուղղուելով դէպի քաղաքացիական պետութեան հիմնում, ուր համայնքային խտրութիւն գոյութիւն չունի, այլ` հաւասարութիւն բոլոր քաղաքացիներուն միջեւ:

Պասիլ յայտնեց, որ Արեւմտեան Պեքաա կատարած իր այցելութիւնը կը միտի քրիստոնեայ քաղաքացիները մղել, որ կառչած մնան իրենց հողին, որովհետեւ իրենք այդ հողին իսկական տէրերն են եւ ոչ թէ անոր եզերքները ապրող էակներ:

Խիարա շրջանին մէջ նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական հարցերուն լուծումը կարելի է ապահովել երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելով, պայմանաւ որ այդ ընտրութիւնները կատարուին համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի հիման վրայ:

Պասիլ հաստատեց, որ Արեւմտեան Պեքաայի բարգաւաճման կարիքներուն եւ ամբարտակներու կարեւորութեան մասին Մըրատի մտահոգութիւնները տեղին են:

Պասիլ ընդգծեց, որ լիբանանեան բոլոր գիւղաքաղաքները բանակին կը զօրակցին եւ կը մերժեն ահաբեկչութիւնը:

«Ահաբեկչութիւնը քաղաքական կամ ոչ քաղաքական յայտարարութիւններով կարելի չէ արդարացնել, ՏԱՀԵՇ-ի գործած սպանութիւններն ու գլխատումները խիստ մերժելի են, իսկ քաղաքական այն անձնաւորութիւնը, որ կ՛արդարացնէ այս քստմնելի արարքները, ժողովուրդին կողմէ մերժուած է», հաստատեց ան:

Share this Article
CATEGORIES