Ֆահտ Մուքատտամ` Թրիփոլիի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ
Թրիփոլիի մէջ երէկ տեղի ունեցան իրաւաբաններու սենտիքայի ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին յաղթական արդիւնքով դուրս եկաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Ֆահտ Մուքատտամը:
Նշենք, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Ժորժ Աքիլա իր կարգին ընտրուեցաւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի անդամ:
Ընտրութիւններէն ետք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի նորընտիր նախագահը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռիֆի հաստատեց, որ երէկուան ընտրական աշխատանքը ժողովրդավարութեան եւ քաղաքականութեան յաղթանակը կարելի է նկատել` ընդգծելով, որ հիւսիսային Լիբանանն ու Թրիփոլին կը հետեւին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ուղեգիծին:
Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ ՏԱՀԵՇ-ը մուտք գործէ Թրիփոլի կամ Ժունիէ: «Մենք կը զօրակցինք բանակին եւ պետութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան», եզրափակեց Ռիֆի:

