Ռայի Պատրիարքը Վերադարձաւ Լիբանան
Աւստրալիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը աւարտելէ ետք, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը վերադարձաւ Լիբանան եւ երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վերանորոգելու երկրին իշխանութիւնները` ապահովելու համար լիբանանցիներուն շահերը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական այս իշխանութեան գոյութիւնը միայն լիբանանցիներուն շահերը ապահովելու նպատակին համար է:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը եւ երկիրը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

