Ժամիլ Սէյիտ Այցելեց Նախագահ Ասատի

133045_img650x420_img650x420_cropԸնդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ երէկ այցելեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ այս հանգրուանին տիրող պայմանները նպաստաւոր են դէմ դնելու ահաբեկչութեան, որ կ՛անցնի Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն միջեւ:

Սէյիտ յայտնեց, որ նախագահ Ասատ համոզուած է, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ հոգը թեթեւցնելու, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան վերահաստատումին:

Share this Article
CATEGORIES