Թրիփոլիի Մէջ. Միշել Սլէյման Կը Հաստատէ Նախագահական Ընտրութեան Կարեւորութիւնը

Ռիֆի, Մուքպել, զօր. Սլէյման եւ միւֆթի Շաար

Ռիֆի, Մուքպել, զօր. Սլէյման եւ միւֆթի Շաար

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ ունեցաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Սլէյման այցելեց նաեւ Թրիփոլիի ներքին շուկաները, ուրկէ հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալը կը տկարացնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու լիբանանցիներուն դիմադրողականութիւնը:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելը` շեշտելով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը փորձանքներու ենթարկեց Լիբանանը: «Թրիփոլիի դէպքերը պէտք է դուռը բանան նախագահական ընտրութիւն կատարելու», ըսաւ ան:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` հիմնուելով արդի եւ յստակ ընտրական օրէնքի մը վրայ:

Իր կարգին, միւֆթի Շաար յայտնեց, որ Սլէյմանի Թրիփոլի այցելութիւնը կը բխի անոր ազգային գիտակցութեան հսկայ պատասխանատուութենէն:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ողջունեց Սլէյմանը` ընդգծելով Թրիփոլիի մէջ համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թրիփոլիի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակի օրուան պատարագին:

 

Share this Article
CATEGORIES