Բանակը Ձերբակալեց Խալետ Հուժէյրին Եւ Ապտալլա Ռիֆային
Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալած է Խալետ Հայտար Հուժէյրին, որ «Շեվրոլէ» տիպի ինքնաշարժով մը կը փորձէր մուտք գործել Լիբանան` ընկերակցութեամբ սուրիացի քաղաքացի Ապտալլա Հիւսէյն Ռիֆայիի:
Ըստ բանակին, Հուժէյրի կը փորձէր Ռիֆային փախցնել դէպի Արսալի բարձունքները:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռիֆայիէն գրաւած են լիբանանեան կեղծուած անձնաթուղթ մը:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ Ռիֆայի խոստովանած է, որ ինք անդամ է սուրիական զինեալ կազմաւորումի մը: Բանակը ընդգծեց նաեւ, որ Արսալի եւ Հարապթայի միջեւ բանակը ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացիներ Ժումրոք Թաան Ժումրոքը եւ Ապտել Ռահիմ Տիպ Ապու Զէյտը, որոնք կասկածելիներ են:
Ձերբակալեալները յանձնուած են համապատասխան մարմիններուն եւ անոնք հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին:
ՆՇԵՆՔ, որ Մընիէի մէջ բանակին դէմ զինեալ բախումներուն մասնակիցներէն երեք յանցագործներ` Ալի Մահմուտ Ալլուշ, Եուսեֆ Խալետ Քլինք եւ Այման Ապտել Համիտ Մհայշ բանակին անձնատուր եղան:

