Ֆրանսայի Նախագահը Պատրաստ Է Հրաժարելու Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասնակցելէ

Ֆրանսուա Հոլլանտ
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի հրաժարի իր թեկնածութիւնը 2017-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրելէ, եթէ իր կառավարութիւնը չկարենայ նուազեցնել երկրին մէջ տիրող գործազրկութիւնը:
Հոլլանտ այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն` ամփոփելով իր նախագահութեան 2,5 տարին:
«Եթէ ատիկա մինչեւ պաշտօնավարութեանս վերջը չյաջողիմ կատարել, կը կարծէ՞ք, որ ես 2017-ին պիտի կարենամ կանգնիլ ֆրանսացիներուն առջեւ», ըսած է նախագահը` պատասխանելով Ֆրանսայի բնակչուհիներէն մէկուն հարցումին:
Հոլլանտ յիշեցուցած է, որ իր նախընտրական քարոզարշաւի խոստումներէն մէկն ալ եղած է երկրին մէջ գործազրկութեան աճի դէմ պայքարը, եւ այդ ուղղութիւնը իրեն համար կը մնայ առաջնային:
CATEGORIES Հայկական

