Մահճուբեան Կը Պատասխանէ Էրտողանի Հակահայ Յայտարարութեան Մասին Հարցումի Մը

Էթիեն Մահճուբեան

Էթիեն Մահճուբեան

«Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Վանի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններուն նուիրուած քննարկում մը, որուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետի նոր նշանակուած գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուբեանը:

Քննարկումէն ետք Մահճուբեանին յիշեցուցած են Էրտողանի յայտնի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ըսած էր. «Ներեցէք արտայայտութեանս, ինծի ըսած են, որ հայ եմ»:

Մահճուբեանին հարցուցած են, թէ ինչպէ՛ս կը բացատրէ այն, որ հակառակ այդպիսի յայտարարութեան, ինք Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) կողմը անցած է: Ան պատասխանած է. «Այո՛, ես հայ եմ, ես այս հողերուն վրայ կ՛ապրիմ: Սակայն այս հողերուն վրայ ես միայն հայ չեմ, ես մտաւորական մըն եմ, որ կը փորձէ մտածել եւ հասկնալ: Թուրքիոյ վերջին քսան տարիներուն իսլամական հատուածին մօտ շատ լուրջ փոփոխութիւններ եղած են: Ես ԱԲԿ-ական չեմ, սակայն կ՛ուզեմ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յաջողութեան հասնի, որովհետեւ այս պահուս ժողովուրդը անոր կարիք ունի», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Էրտողանին` Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդականը յիշեցուցած է, որ Էրտողանն ալ տարիներու ընթացքին շատ փոխուած է: «Նայեցէք 80-ական, 90-ականներու Էրտողանին, այս օրերուն համար անընդունելի շատ բան կ՛ըսէր: Այդ մարդն ալ փոխուած է», ըսած է Մահճուբեան:

Share this Article
CATEGORIES