Ալիեւի Կուսակիցը Ազրպէյճանի Ընդդիմութեան Հանրահաւաքը Կազմակերպելու Համար Կը Մեղադրէ Հայերը

Սիյավուշ Նովրուզով

Սիյավուշ Նովրուզով

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ 10 նոյեմբերին նախատեսուած ընդդիմութեան հանրահաւաքը, իշխող «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ Սիյավուշ Նովրուզովի համոզումով պատուէր է, իսկ պատուիրատուներն ալ` հայերն են:

«Այդ հանրահաւաքը որեւէ առնչութիւն չունի ազրպէյճանցի ժողովուրդի, երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան հետ», ըսած է ան:

Ալիեւի կուսակիցին համաձայն, այդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ «հայկական լոպիին եւ հայկական կազմակերպութիւններուն» ֆինանսաւորումով:

«Անոնք (ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդը) միջոցներ կը ստանան արտասահմանէն եւ կը վաճառեն Ազրպէյճանի ազգային շահերը: Այդ առումով ապացուցուած է, որ այդ խորհուրդին մէջ հաւաքուած ուժերուն եւ հայկական լոպիին միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ», ըսած է Նովրուզով:

Սակայն ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդի ղեկավար Ճամիլ Հասանլի խոստացած է, որ 10 նոյեմբերին ընդդիմութեան հանրահաւաքը բազմահազարանոց պիտի ըլլայ, եւ իրենց հիմնական պահանջներէն մէկը պիտի ըլլայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Մինչ այդ, Ազրպէյճանի մէջ դարձեալ ընդդիմադիր գործիչ ձերբակալուած է:

Ազրպէյճանական kontakt.az կայքը, յղում կատարելով «Թուրան» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի մէջ ձերբակալուած է ընդդիմադիր գործիչ, Ազգային ճակատ կուսակցութեան շրջանային մասնաճիւղի ղեկավար Հիճրան Կասիմովը:

Ազգային ճակատ կուսակցութեան Նախիջեւանի կազմակերպութեան ղեկավար Եաշար Պակիրսէօյ յայտնած է, որ Կասիմովը նստեցուցած են ինքնաշարժ եւ տարած: Անոր գտնուած վայրը յայտնի չէ:

Ոստիկանութիւնը տեղեկութիւններ չի հաղորդեր անոր ձերբակալութեան պատճառներուն մասին, եւ յայտնի չէ, թէ ան ինչի՛ համար կը մեղադրուի:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճան վերջին ամիսներուն դարձեալ միջազգային ընտանիքի ուշադրութեան արժանացած էր` երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւի աճին եւ այլախոհները ճնշումներու ենթարկելու դէպքերուն առնչութեամբ:

Ըստ իրաւապաշտպաններու ներկայացուցած տուեալներուն, Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը աւելի քան հարիւր է:

 

Share this Article
CATEGORIES