Թուրք Երեսփոխանը Բացատրութիւն Պահանջած Է Տաւութօղլուէն` Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Աշխատութեան Անհետացման Առնչութեամբ

Ալի Իհսան Քէօքթուրք

Ալի Իհսան Քէօքթուրք

«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Ալի Իհսան Քէօքթուրք իր երկրի վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուէն բացատրութիւն պահանջած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող 8 հատորնոց աշխատութեան անհետացման առնչութեամբ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավարութեան յանձնուած գրաւոր հարցապնդման մէջ երեսփոխանը յիշեցուցած է, որ 24 ապրիլ 2015-ին պիտի նշուի «հայկական պնդումներուն 100-ամեակը», ինչին արդէն աշխուժօրէն կը պատրաստուին Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը:

Քէօքթուրք յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրած է Հայաստան, եւ յառաջիկային Թուրքիոյ «դժուար օրեր կը սպասեն»:

«Հակառակ այս դժուարին ժամանակաշրջանին, Զինուորական դատախազութեան կայքէն հանուած է հայկական պնդումներուն պատասխանելու նպատակով պատրաստուած «Հայերու գործողութիւնները` 1914-1918-ին» կոչուող 8 հատորնոց աշխատութիւնը», գրած է ան:

Երեսփոխանը հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր զայն կայքէն հանել, ի՞նչ կը նշանակէ այդ քայլը եւ արդեօք կառավարութի՞ւնը  այդպիսի խորհուրդ տուած է դատախազութեան:

Քէօքթուրք նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչ կը պատրաստուի ընել թրքական կառավարութիւնը` ի պատասխան Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES