Ուորլիք. «Կարեւոր Է Զարգացնել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու` Փարիզի Մէջ Սկսած Երկխօսութիւնը»

Ճէյմս Ուորլիք
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, եւ անոնք պէտք է շարունակուին:
«Միացեալ Նահանգներու անունով կրնամ ըսել, որ մենք կ՛ակնկալենք, որ նախագահներու հանդիպումները պարբերական ըլլան: Անոնց հանդիպումները կը նպաստեն տագնապի խաղաղ լուծման: Մենք նաեւ պիտի հանդիպինք հակամարտող կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Պազըլի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին, եւ պիտի շարունակենք հանդիպումները այդ մակարդակով: Շատ կարեւոր է զարգացնել երկխօսութիւնը, որ տեղի ունեցած էր Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ», նշած է Ուորլիք:
CATEGORIES Հայկական

