Պատգամաւորները Կ՛ուսումնասիրեն «Նայիրիտ»-ի Մութ Էջերը
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնախումբի նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ «Նայիրիտ»-ի հարցով ստեղծել ժամանակաւոր ենթայանձնախումբ: «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ հարց պիտի քննարկէ այդ ենթայանձնախումբը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ենթայանձնախումբը պէտք է ուսումնասիրէ «Նայիրիտ»-ի գործունէութեան հետ կապուած բոլոր մութ էջերը եւ անոր վերագործարկման կարելիութիւնները: Արծուիկ Մինասեանի խօսքով` արդէն երկրորդ անգամ քաղաքական մեծամասնութիւնը, ըստ էութեան, կը մերժէ այդ մօտեցումը, բայց, կարծես, սառոյցը շարժած է, եւ կ՛առաջարկուի, որ խորհրդարանի մասնակցութիւնը ըլլայ նախ եւ առաջ տնտեսական հարցերու յանձնախումբին մէջ` ենթայանձնախումբ կազմելով, ինչ որ, ըստ պատգամաւորին, գնահատելի քայլ է:
Մինասեան ըսաւ, թէ «պէտք է յստակացնել «Նայիրիտ»-ի սեփականատիրոջ հարցը: Մեր գնահատումով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ «Նայիրիտ»-ի սեփականատէրը, բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոնք մենք ունինք մեր ձեռքին տակ, այդ մէկը կը փաստեն: Մենք վստահ ենք, որ եթէ յանձնախումբը հետեւողականօրէն աշխատի, անպայման արդիւնք կ՛ունենայ»:

