Մովսէս Յակոբեան Արցախ – Ազրպէյճան Սահմանային Գօտիին Վրայ Խաղաղարար Ուժերու Տեղակայման Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

Մովսէս Յակոբեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Մովսէս Յակոբեան «Նոյեան Տապան» թերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ «ոչ միայն այս տարուան դէպքերուն ընթացքին, այլեւ ընդհանրապէս Ազրպէյճանը սահմանային գիծին վրայ լարուածութիւն ստեղծելով, ըստ իս, կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները, նախ միջազգային հանրութեան մօտ տպաւորութիւն ստեղծել, որ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած եւ իր «կորսնցուցածին» համար ինք կը շարունակէ պահանջատէր մնալ, երկրորդ` պատերազմի անարդարութեան քողին տակ ապահովել ներքին քաղաքական հնազանդութիւն, երրորդ` տարբեր նախայարձակ գործողութիւններով փորձել ստուգել իր զօրքերուն պատրաստուածութիւնը եւ մեր բանակին պաշտպանունակութիւնը:
Նախարար Մովսէս Յակոբեան հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է նաեւ, որ ինք սահմանի գօտիին վրայ խաղաղարար ուժերու տեղաբաշխման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, որովհետեւ արդէն քսան տարիէն աւելի է, որ այդ գործը լաւագոյն կերպով կը կատարէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը:
Աւարտելով իր խօսքը` Յակոբեան յայտնած է, որ ինք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ապագան կը տեսնէ լուսաւոր ու պաշտպանուած, եւ այս լաւատեսութեան համար հիմք կը ծառայէ Արցախի անկախ պետականութեան 23-ամեայ բեղուն ճանապարհն ու այդ ընթացքին ունեցած նշանակալի ձեռքբերումները:

