Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մովսիսեան` Կոլի Հեղինակ
Սպարտակ Մոսկուա, որ իր կատարած վերջին հինգ մրցումներուն յաղթանակ չկրցաւ արձանագրել, երէկ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով իր կատարած մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արսենալ Թուլան:
Մրցումին եւ Սպարտակի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան` 8-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան 86-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Տենիս Տաւիտովով: Իսկ Սպարտակի երկրորդ կոլը նշանակեց Փրոմես (22-րդ):
Արսենալի կազմէն մինչեւ 31-րդ վայրկեանը դաշտին վրայ տեսնուեցաւ Արթուր Մալոյեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սպարտակ ունենալով 22 կէտ, այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, մինչ Արսենալ 5 կէտով` վերջին դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

